Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջապահութեան Նախարարը Հաւանական Կը Գտնէ Առողջապահական Արտակարգ Վիճակ Յայտարարելու Կարելիութիւնը

Մարտ 14, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Քորոնա» Ժահրին Տարածումը Կանխարգիլելու Նպատակով
Տարբեր Մարզերու Հաստատութիւններ Կը Փակեն Իրենց Դռները

«Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու եւ քաղաքացիներուն կողմէ նախազգուշութիւններու դիմելու առումով լիբանանեան տարբեր մարզերու հաստատութիւնները կը շարունակեն փակել իրենց դռները:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասած է 78-ի:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը  կրնայ 20 պարագայով բարձրանալ` շեշտելով, որ քաղաքացիական կամ առողջապահական արտակարգ վիճակ յայտարարելու հաւանականութիւնը մեծ է:

Հասան ըսաւ նաեւ, որ նախարարութեան կեդրոնական վարչութեան մէջ գործող պաշտօնեաներէն մէկը «Քորոնա» ժահրով վարակուած է` աւելցնելով, որ ան վարակուած է վարդապետէ մը, որ իր ազգականն է:

Հասան նշեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան երկրորդ յարկը ամբողջութեամբ հականեխուած է, եւ հոն գործող բոլոր պաշտօնեաները ենթարկուած են բժշկական քննութեան:

Հասան նշեց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ որդեգրուած միջոցառումները լուրջ են եւ կը համապատասխանեն բարգաւաճ երկիրներու որդեգրած միջոցառումներուն:

Հասան հաստատեց, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ առողջապահութեան նախարարութիւնը «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն իսկական թիւը չի յայտարարեր, ամօթալի է եւ մերժելի:

Հասան յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը կրցաւ 39 միլիոն տոլարի վարկ ապահովել Միջազգային դրամատունէն, ինչպէս նաեւ 60 միլիոն տոլարի գումար մը` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-էն, որպէսզի հիւանդանոցային սարքերը ապահովէ:

Հասան նշեց, որ Լիբանանի տարածքին կան 11 կառավարական հիւանդանոցներ, որոնք պիտի ընդունին «Քորոնա» ժահրով վարակուածները: Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է իմանան, թէ առողջապահութեան նախարարութիւնը բարձր մակարդակի պատասխանատուութեամբ, համագործակցութեամբ եւ զգուշութեամբ կը գործէ` աւելցնելով, որ ոչ ոք պէտք է այդ մասին աւելորդաբանութիւն կատարէ:

Սեփական հիւանդանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ Լիբանանի հիւանդանոցներուն մէջ բժշկական սարքերու հսկայական տագնապ գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւին աւելի մեծնալուն պարագային կարելի պիտի չըլլայ զանոնք բժշկել:

Կրթական մարզին առումով, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Թարեք Մաժզուպ երէկ յետմիջօրէին հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն հաստատուեցաւ, որ Լիբանանի տարածքին գործող բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան մինչեւ կիրակի, 22 մարտ 2020:

Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը (տաման) իր կարգին յայտնեց, որ «Քորոնա»-ի տարածումէն իբրեւ նախազգուշութիւն, իր բոլոր կեդրոնները փակ պիտի մնան մինչեւ 31 մարտ 2020:

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ դրամատուներէն պահանջեց, որ առաջնահերթութիւնը ընծայեն «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով բժշկական սարքեր գնելու:

Դրամատուներու միութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, այսօր` շաբաթ, 14 մարտ 2020-ին դրամատուները պիտի փակեն իրենց դռները, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք անհրաժեշտ կերպով հականեխել` «Քորոնա» ժահրի տարածումէն իբրեւ նախազգուշացում:

Նշենք, որ արդարութեան նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ նոտարները շաբաթը երկու օր, եւ օրական միայն չորս ժամ պիտի աշխատին, իրենց աշխատանքը սահմանափակելով այն գործառնութիւններով, որոնք հրատապ են:

Նախարար Նաժըմ եւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը դատարաններուն մէջ աշխատանքն ու դատավարութիւնները պիտի կասեցնեն մինչեւ ուրբաթ, 20 մարտ 2020:

Իրենց կարգին, Պէյրութի եւ Թրիփոլիի իրաւաբաններու սենտիքաներու նախագահներ Մըլհեմ Խալաֆ եւ Մոհամետ Մըրատ կոչ ուղղեցին իրաւաբաններուն 16-20 մարտ 2020-ին Արդարութեան պալատ չուղղուելու եւ դատավարութիւններուն չմասնակցելու:

Կայ նաեւ այլ ուղղուածութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանան կ՛ուղղուի երկուշաբթի, 16 մարտ 2020-էն սկսեալ Սուրիոյ հետ իր ցամաքային սահմանները փակելու` «Քորոնա» ժահրի տարածումին իբրեւ կանխարգիլում:

Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըր հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Պաալպեք-Հերմելի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 9 պարագաներ կան:

Իր կարգին, «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած  ոչ մէկ պարագայ կայ:

Հաղորդագրութեան մէջ խիստ ընդվզում յայտնուեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին դէմ` նման ապատեղեկատուութիւն տարածելուն համար:

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը 17-23 մարտի ընթացքին իր թռիչքներու ժամանակացոյցը փոփոխութեան ենթարկեց` «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով:

Լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ջնջուած թռիչքներն են հետեւեալները. Մատրիտ, Փարիզ, Լոնտոն, Ֆրանքֆորթ, Հռոմ, Միլանօ, Գահիրէ, Պաղտատ, Էրպիլ, Պասրա եւ Նաժաֆ:

Այն քաղաքները, որոնք դէպի Լիբանան իրենց թռիչքները կասեցուցած են, հետեւեալներն են. Ժետտա, Ռիատ, Քուէյթ, Տամմամ, Օման եւ Տաուհա:

Իսկ այն թռիչքները, որոնք ժամերու փոփոխութիւն կրած են, հետեւեալներն են. Ժընեւ, Պրիւքսել, Քոփենհակըն, Երեւան, Աթէնք, Պոլիս, Լառնաքա, Տուպայ, Ապու Տապի, Լակոս, Աքրա եւ Ապիճան:

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը յայտնեց, որ իր թռիչքներուն առումով փոփոխութիւններ կատարել ցանկացող բոլոր ճամբորդները մինչեւ 30 ապրիլ 2020 կրնան իրենց փափաքած փոփոխութիւնները կատարել` առանց յաւելեալ տուրքեր վճարելու:

Պէտք է աւելցնել, որ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան շեշտեց, որ Ֆրանսա ապրող լիբանանցիներուն մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ոչ մէկ պարագայ կայ:

Ատուան յայտնեց, որ Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի տրամադրուած առողջապահական նուիրատուութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ֆրանսայի համար Լիբանան միշտ կարեւոր է` նկատի ունենալով, որ ան այդ օժանդակութիւնը տրամադրած էր միայն երեք երկիրներու` Լիբանանին, Իրանին եւ Չինաստանին:

Ատուան ընդգծեց, որ այս նուիրատուութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ, որ ժահրին դէմ պայքարը քաղաքականութիւն, կրօն եւ համախմբում չի ճանչնար:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ եթէ «Քորոնա» ժահրը մեծ համեմատութեամբ տարածուի, ապա լիբանանցիները հիւանդանոցներուն մուտքին պիտի մահանան: Ան ընդգծեց, որ կառավարութիւնը ամբողջ երկիրը պէտք է փակէ: «Եթէ կառավարութիւնը պէտք եղած միջոցառումներուն չդիմէ, ապա իրենք պիտի ստիպուին վարչապետն ու առողջապահութեան նախարարը դատավարութեան ենթարկել», ըսաւ ան:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համախմբումներէն հեռու մնալու` կոչ ուղղելով զբօսաշրջութեան նախարարութեան Պէյթէտտինի պալատն ու Մուսա դղեակը փակելու:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նամակ Մը Ստացաւ Եգիպտոսի Նախագահէն

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?