Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հետեւեցաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու միջոցներու կիրարկման եղանակին` ընդգծելով անոնց գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Նախագահ Աուն կարգ մը նախարարութիւններէն եւ խնդրոյ առարկայ ապահովական կառոյցներէն ստացաւ տեղեկագիրներ, որոնց մէջ նշուած էր նախարարաց խորհուրդի որոշումները գործադրելու կառչածութիւնը` Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու առումով:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան որոշումները պէտք է գործադրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ հանրութեան առողջութիւնը երաշխաւորել:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Մշարրաֆիէ նախագահ Աունին ներկայացուց Սուրիա կատարած իր այցելութեան եւ սուրիացի կարգ մը պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, որոնց շրջագիծին մէջ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը դիւրացնող միջոցները:
Նախագահ Աուն ընդունեց Թատամոն կուսակցութեան նախագահ, նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները, յատկապէս «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու իմաստով կառավարութեան որդեգրած գործելաոճը:
Ռահմէ շեշտեց Լիբանանի պատմութեան այս զգայուն փուլին ընթացքին լիբանանցիներուն միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի Ֆըրզոլ-Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Իսամ Տարուիշ եպիսկոպոսը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք արժանացան նախագահ Աունի ողջոյնին: