Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 152-ի

March 20, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագայի արձանագրութենէն ամիս մը ետք Լիբանանի մէջ այդ ժահրին դէմ պայքարը տակաւին կը շարունակուի եւ սկսած է աւելի խիստ թափ ստանալ:

Իրարու հետ շփումներէ խուսափող քաղաքացիները կ՛անսան Լիբանանի կառավարութեան ընդհանուր զօրաշարժի կոչին եւ արտակարգ դրութեան պայմանները յարգելով կը մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, իսկ տարբեր շրջաններու մէջ քաղաքապետութիւնները կը շարունակեն հականեխել փողոցներն ու կառոյցները, ինչպէս նաեւ հականեխիչ նիւթեր բաժնել քաղաքացիներուն` պահպանելու համար անոնց առողջութիւնը:

«Քորոնա» ժահրով վարակումը կանխարգիլելու նպատակով ապահովութեան ուժերը, բանակը, քաղաքապետարաններուն ոստիկանութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջաններու հեղինակութիւններ տարբեր շրջաններու մէջ ձեռնարկած են արշաւի մը, որուն նպատակն է փակել այն վաճառատուները, որոնք խախտած են ընդհանուր զօրաշարժը, ինչպէս նաեւ ցրուել փողոցը համախմբուած քաղաքացիները:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին նշեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 152-ի` ընդգծելով, որ երէկ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է 16 նոր պարագայ, որոնցմէ 6-ին վարակումի ախտորոշման աղբիւրը կարելի չէ ճշդել:

Ան հաստատեց, որ այս զարգացումին լոյսին տակ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութենէն պահանջած է խիստ միջոցառումներ որդեգրել` քաղաքացիները իրենց բնակարաններուն մէջ պահելու առումով:

Նախարար Հասան հաստատեց, որ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը դրուատած է Լիբանանի կողմէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը` աւելցնելով, որ այս դրուատիքը պատճառ չէ, որ թոյլ մօտեցում ցուցաբերենք եւ ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը չգործադրենք:

«Առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն գործադրութեան հանդէպ լիբանանցիներուն նախանձախնդրութիւնը ցոյց կու տայ անոնց գիտակցութիւնը եւ երկիրը կը փրկէ հսկայ վտանգներէ», շեշտեց ան:

Հասան ըսաւ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուիլը յանցանք կամ մեղք չէ` աւելցնելով, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ կան ամբողջ Լիբանանի տարածքին, հետեւաբար պէտք չէ լուռ մնալ ոեւէ վարակուածի պարագային:

Այս շրջագիծին մէջ կառավարութեան կազմած ազգային շտապը երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին հրապարակեց պաշտօնական թիւեր, որոնց համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 149 է, երէկուան վարակուածներուն թիւը 16 է, իսկ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 3 պարագաներ բուժուած են, 4 պարագաներ` խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուին, իսկ 4 ուրիշներ մահացած են:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, նախանցեալ օր հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժինին մէջ մահացած կնոջ արդիւնքները ժխտական դուրս եկած են: Այլ խօսքով` հիւանդանոցը հաստատած է, թէ մահացող կինը «Քորոնա» ժահրով չէր վարակուած:

Առողջապահութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ուալիտ Ամմար երէկ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ հակակշիռի տակ պահելու «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը: Ան նշեց, որ Լիբանան յաջողած է կանխարգիլել «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը` աւելցնելով, որ կարգ մը անձնական հիւանդանոցներ սկսած են ընդունիլ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներ:

«Եթէ բոլոր քաղաքացիները յանձնառու մնան առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ իրենց թելադրուած ցուցմունքներուն գործադրութեան, ապա

Լիբանանի կացութիւնը ընդունելի կը նկատուի», ըսաւ Ամմար:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրին տարածումը: «Նախարարութեան սկսած աշխատանքը աւելի լուրջ կերպով պէտք է գործադրուի քաղաքացիներուն կողմէ` յաջողութիւն արձանագրելու համար», ըսաւ ան:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն դրուատեց իրենց բնակարաններուն մէջ մնացող քաղաքացիները, որոնք ենթարկուեցան պետութեան ցուցմունքներուն` յանձնառու մնալով իրենց եւ իրենց ընտանիքներուն առողջութեան պահպանումին:

Տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ երեկոյեան մեկնարկը կատարեց «Քորոնա» ժահրի յատուկ կայքի մը (Corona.ministryinfo.gov.lb), ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ պիտի սկսի նախազգուշական արշաւի մը` լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հետ գործակցաբար:

«Քորոնա» ժահրի յատուկ կայքը պիտի բովանդակէ այդ ժահրին դէմ պայքարելու միջոցներն ու այդ ժահրէն նախազգուշանալու ձեւերը:

Նշենք, որ նախարար Ապտել Սամատի խնդրանքին ընդառաջելով, վարչապետ Հասսան Տիապ հրապարակեց որոշում մը, որուն համաձայն, գրախանութներն ու օրաթերթերու եւ տարբեր հրատարակութիւններու ցրուումին պատասխանատու հաստատութիւնները զերծ կը կացուցուին ընդհանուր զօրաշարժի որոշումէն ամէն օր մինչեւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00, պայմանով որ անոնք հետեւին առողջապահութեան նախարարութեան ճշդած չափանիշներուն:

Դրամատուներու պաշտօնէութեան սենտիքայի նախագահ Ասատ Խուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ սենտիքան դրամատուները փակելու որոշում տուած է, եւ 15 օրուան ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին դրամատուներու յատուկ գործիքակազմ մը յայտարարած է` պահպանելու համար պաշտօնէութեան առողջութիւնը եւ ոչ թէ գործադուլ յայտարարած:

Խուրի նշեց, որ իրենց նպատակը դրամատուներու պաշտօնէութեան աշխատանքէ արձակումը չէ, եւ այս իմաստով իրենք առաջարկած են արարողակարգ մը, որուն համաձայնութիւն յայտնած են բոլոր դրամատուները:

«Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը փակ պիտի մնայ 18 մարտ 2020-29 մարտ 2020, բացի այն թռիչքներուն դիմաց, որոնք արտօնուած են:

Հութ նշեց, որ առաջին անգամը չէ, որ «Միտըլ իսթ» ընկերութիւնը դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուի` նկատի ունենալով, որ նախապէս անոր թռիչքները օրերով կասեցուած են, սակայն աւելի ուշ ընկերութեան օդանաւերը  դարձեալ աշխատանքի վերադարձած են եւ Լիբանանի անունը բարձր պահած:

Հութ հաստատեց, որ այս փուլը կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել, «իսկ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն «Միտըլ իսթ» պիտի ստանձնէ նոր օդանաւեր եւ իր բոլոր պաշտօնեաներով, օդաչուներով եւ անձնակազմով պիտի շարունակէ իր աշխատանքը», ըսաւ ան:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ անընդունելի է «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագայ մը գաղտնի պահել ու այդ մասին չտեղեկացնել եւ պէտք եղած բժշկական քննութիւններուն չդիմել:

Շիիներու գերագոյն խորհուրդը կոչ ուղղեց բոլորին հետեւելու առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն եւ մնալու բնակարաններուն մէջ:

Ամալ շարժումի հարաւային Լիբանանի կոմիտէն Նապաթիէի մէջ գումարեց իր նիստը` հաստատելով կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժին ենթարկուելու անհրաժեշտութիւնը, եւ կոչ ուղղեց բոլորին մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:

Սուրի մէջ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ շրջեցաւ ծովափին ու թաղերուն մէջ` կոչ ուղղելով քաղաքացիներուն կառչած մնալու առողջապահութեան նախարարութեան ցուցմունքներուն գործադրութեան եւ մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Որոշեց Օժանդակութիւններ Բաժնել Բոլոր Անոնց, Որոնք Աշխատանքէ Դադրեցան, Իսկ Նախարարները 100 Միլիոն Լ. Ոսկի Նուիրեցին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Ստեղծուած Յատուկ Հաշիւին

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ը Կը Դադրեցնէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Մշտադիտարկման Աշխատանքները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.