Լիբանանեան

Չորս Նախկին Վարչապետներ. «Կառավարութիւնը Կ՛ուղղուի Կատարելու Այնպիսի Նշանակումներ, Որոնք Կը Միտին Պետական Պաշտօններուն Վրայ Հակակշիռ Բանեցնել` Առանց Ատակութեան Նկատմամբ Յանձնառու Մնալու»

Չորս Նախկին Վարչապետներ. «Կառավարութիւնը Կ՛ուղղուի Կատարելու Այնպիսի Նշանակումներ, Որոնք Կը Միտին Պետական Պաշտօններուն Վրայ Հակակշիռ Բանեցնել` Առանց Ատակութեան Նկատմամբ Յանձնառու Մնալու»

Նախկին վարչապետներ Սաատ Հարիրի, Նեժիպ Միքաթի, Թամմամ Սալամ եւ Ֆուատ Սինիորա իրարու հետ խորհրդակցելէ ետք հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ հետեւեալը. «Մինչ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, ելեւմտական, վարչական եւ բոլոր մարզերը յուզող տագնապներ, Լիբանան հասած է «Քորոնա» ժահրը, որ տիրող տագնապը աւելի եւս բարդացուցած է, իսկ լիբանանեան կառավարութիւնը կ’ուղղուի կատարելու այնպիսի նշանակումներ, որոնք կը միտին պետական պաշտօններու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ կ’աշխատի պատրաստելու անուանացանկ մը, որ պիտի ընդգրկէ յատուկ պարագաներ, որոնք արժանի են ներում ստանալու: Ան նշեց, որ այս իմաստով կը գործակցի Ներքին ապահովութեան ուժերու բանտերու վարչութեան, ընդհանուր դատախազութեան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման զգուշացուց լիբանանցիներուն ընկերային օժանդակութիւններ մատուցելու ընթացքին խտրական մօտեցում ցուցաբերելէ: Ան հաստատեց, որ տնտեսական...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 446-ի, Իսկ Կառավարութիւնը Այսօրուան Իր Նիստին Կը Շարունակէ Սերտել Կացութիւնը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 446-ի, Իսկ Կառավարութիւնը Այսօրուան Իր Նիստին Կը Շարունակէ Սերտել Կացութիւնը

Կառավարութիւնը այսօր, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին «Քորոնա» ժահրին վերաբերող վերջին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի թղթածրարը: Լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ ամսական աշխատավարձ ստանալու նպատակով ելեկտրոնային դրամարկղերուն մօտ երէկ նշմարուեցաւ քաղաքացիներու եռուզեռ մը, որ վտանգաւոր եւ մտահոգիչ երեւոյթ մը կը նկատուի եւ ամբողջովին հակասող «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու իմաստով յայտարարուած...

Պըրրի Կարգ Մը Նախարարներու Հետ Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

Պըրրի Կարգ Մը Նախարարներու Հետ Քննարկեց Երկրին Իրավիճակը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը: Պըրրիի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ, որ ներկայացուց նախարարութեան մէջ ներկայիս տարուող աշխատանքները: Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ մշակոյթի եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Մուրթատան, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակը, յատկապէս` տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի վերաբերող հարցերը:  ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրը համայնքային, քաղաքական եւ ցեղային ինքնութիւն չունի` հաստատելով, որ երկրին մէջ տիրող կացութեան հետեւանքներէն ամէնէն աւելի կը տուժեն համեստ դասակարգի պատկանող ընտանիքները: «Անոնք ամէնէն աւելի կարիքը ունին կառավարութեան, քաղաքապետութիւններուն եւ միջազգային գործընկերներուն օժանդակութեան», ըսաւ Քիւպիչ: ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան...

Լիբանանցիները Ծափողջոյններով Զօրակցեցան Բժիշկներուն Ու Հիւանդապահներուն Եւ Գնահատեցին   Անոնց Ջանքերը

Լիբանանցիները Ծափողջոյններով Զօրակցեցան Բժիշկներուն Ու Հիւանդապահներուն Եւ Գնահատեցին Անոնց Ջանքերը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 438-ի, Իսկ Արտերկրի Լիբանանցիներուն Տունդարձը Կը Վերածուի Փշոտ Թղթածրարի Երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Պէյրութի, Մեթնի եւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, լիբանանցիները իրենց բնակարաններուն պատշգամներէն մէկ վայրկեան յոտնկայս ծափողջոյններով զօրակցեցան բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն, ինչպէս նաեւ գնահատեցին անոնց ջանքերը: Ինքնին յուզիչ, սակայն իրարու ուժ եւ կորով պարգեւող այս պահը աւելի եւս զգացական դարձաւ, երբ...

Լիբանանեան Բանակը Պապ Թըպպանէի Մէջ  Բացայայտեց Պայթուցիկ  Նիւթերու Պահեստանոց Մը

Բանակը Կը Հերքէ Սուրիական Բանակին Հետ Բախումի Մը Մասին Լուրերը

Լիբանանեան բանակը շաբաթ ուշ գիշերին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց իր եւ սուրիական բանակին միջեւ բախումի մասին լուրերը: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Հերմելի մէջ ապօրինի անցք մը փակելու պատճառով լիբանանեան եւ սուրիական բանակներուն միջեւ հարցեր կամ բախումներ չեն արձանագրուած: Հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն ստուգելու լուրը եւ ապա տարածելու զայն: Միւս կողմէ, բանակի գումակային գործողութիւններու զօրամասը շաբաթավերջին Պէյրութի...

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Լրջօրէն Եւ Անյապաղ Աշխատիլ` Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հայրենիք Վերադարձին Ուղղութեամբ»

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Լրջօրէն Եւ Անյապաղ Աշխատիլ` Արտերկրի Լիբանանցիներուն Հայրենիք Վերադարձին Ուղղութեամբ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին եւ անոր հետեւանքներուն: Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ այս օրերուն արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը հրատապ խնդիր է` աւելցնելով, որ անոնց, յատկապէս` ուսանողներուն վերադարձը բոլոր լիբանանցիները յուզող հարց է: Ան նշեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն վերադարձը բնական իրաւունք է` հաստատելով, որ քննարկումը անոնց տունդարձի սկզբունքին...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 393-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 393-ի

«Լիբանանցիները Պէտք Է Յանձնառու Մնան Կառավարութեան Ցուցմունքներուն: Բոլորս Ենթարկայ Ենք Վտանգի, Պէտք Է Միասնաբար Գործենք` Կանխարգիլելու «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը» Լիբանանցիները կը շարունակեն մնալ իրենց բնակարաններուն մէջ` կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի արագ տարածումը: Կառավարութեան պարտադրած` առողջապահական արտակարգ վիճակի բնոյթով ընդհանուր զօրաշարժը ընթացքի մէջ է, իսկ քաղաքացիները գրեթէ ամբողջութեամբ հետեւեցան երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 յայտարարուած կրակմարի դրութեան: Հիմնական խախտումը...

Այցելութիւն Ընկերային Հարցերու Նախարարին

Այցելութիւն Ընկերային Հարցերու Նախարարին

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, ընկերակցութեամբ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի պատուիրակութեան, այցելեց Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէին: Շտապի ներկայացուցիչները նախարարը տեղեակ պահեցին «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման եւ տագնապի դիմագրաւման իմաստով կատարուող աշխատանքներուն մասին: Նախարար Մշարրաֆիէ պատուիրակութեան հետ կիսեց կառավարութեան մտահոգութիւնները եւ նախարարութեան դժուարութիւնները: Նախարար Օհանեան եւ Շտապի ներկայացուցիչները անհրաժեշտ նկատեցին, որ ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը արագ միջոցներու...

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժը Կ՛երկարաձգուի Մինչեւ 12 Ապրիլ 2020, Իսկ Երեկոյեան Ժամը 7:00-էն Մինչեւ Առաւօտեան Ժամը 5:00 Երթեւեկը Կ՛արգիլուի Ու Վաճառատուները Կը Փակուին

Լիբանանի Մէջ Ընդհանուր Զօրաշարժը Կ՛երկարաձգուի Մինչեւ 12 Ապրիլ 2020, Իսկ Երեկոյեան Ժամը 7:00-էն Մինչեւ Առաւօտեան Ժամը 5:00 Երթեւեկը Կ՛արգիլուի Ու Վաճառատուները Կը Փակուին

Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու հիմնական միջոցը` «Տունը մնացէ՛ք»-ի կոչը, տակաւին կը շարունակէ մնալ տիրական: Երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Կառավարութեան որոշումով ընդհանուր զօրաշարժի որոշումը պիտի երկարի մինչեւ կիրակի, 12 ապրիլ 2020, կէս գիշեր, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00...

Մեթնի Երեսփոխանները Ելեկտրոնային Նիստի Մը Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Նպատակով Տուին Որոշումներ

Մեթնի Երեսփոխանները Ելեկտրոնային Նիստի Մը Ընթացքին «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը Կանխարգիլելու Նպատակով Տուին Որոշումներ

Մեթնի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով միացեալ աշխատանք տանելու իրենց հաւատքէն մեկնելով` Մեթնի երեսփոխանները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Իպրահիմ Քանաան, Էլիաս Պու Սաապ, Էտի Մաալուֆ, Էտի Ապի Լամաա ունեցան ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին տուին շարք մը որոշումներ: Հիմնուելով կառավարութեան որոշումներուն վրայ` Մեթնի երեսփոխանները ընդգծեցին Տահր Պաշեքի...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Ս. Աւետման տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ հինգշաբթի, 26 մարտ 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` ուրբաթ, 27  մարտ 2020-ին:

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 304-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 304-ի

Նախագահ Աուն «Սքայփ» Հաղորդակցութեամբ Կը Գնահատէ Բժշկական Անձնակազմերուն Նուիրուածութիւնը` Հաստատելով, Որ Անոնք Են Լիբանանցիներուն Ապահովութիւն Ներշնչողը «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու հիմնական միջոցին` «Տո՛ւնը մնացէք»-ի կոչը, երէկ շարունակուեցաւ իբրեւ ահազանգ հնչել Լիբանանի մէջ: Ապահովութեան ուժերն ու բանակը հսկեցին քաղաքացիներուն տան մէջ մնալու կոչին գործադրութեան` խստացնելով իրենց որդեգրած միջոցառումները, փակելով վաճառատուներ, որոնք արտօնութիւն չունին բաց մնալու, ինչպէս նաեւ յորդորելով պտոյտի ելած քաղաքացիները...

Լիբանանեան Պետութիւնը Լիբանանցիներուն Կը Պարտադրէ Բնակարանային Մեկուսացումի Ենթարկուիլ` Կանխարգիլելու Համար «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը

Լիբանանեան Պետութիւնը Լիբանանցիներուն Կը Պարտադրէ Բնակարանային Մեկուսացումի Ենթարկուիլ` Կանխարգիլելու Համար «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը

Վարչապետն Ու Ներքին Գործոց Նախարարը Կացութիւնը Վտանգաւոր Կը Նկատեն, Իսկ Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 267-ի Ինչպէս ամբողջ աշխարհի ժողովուրդները բնակարանային մեկուսացումի կ'ենթարկուին կանխարգիլելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումը, Լիբանանի մէջ եւս քաղաքացիներուն մեծամասնութիւնը կը զգուշանայ իրենց բնակարաններէն դուրս գալէ եւ բնակարանային ու անհատական հականեխման բոլոր միջոցները կ'օգտագործեն` չվարակուելու համար համաճարակի վերածուած այս ժահրով: Լիբանանի մէջ համեմատաբար հակակշիռի տակ գտնուող կացութիւնը անցեալ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Իսրա Միհրաժի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 23 մարտ 2020-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 24 մարտին:

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 177-ի. Բուժուած Են 2 Այլ Պարագաներ

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 177-ի. Բուժուած Են 2 Այլ Պարագաներ

Նախագահ Աուն Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլոր Քաղաքացիներուն` Մնալու Իրենց Բնակարաններուն Մէջ Եւ Դուրս Ելլելու Միայն Անհրաժեշտութեան Պարագային «Քորոնա» ժահրին ազդեցութիւնը տակաւին կը շարունակէ մեծապէս զգալի ըլլալ Լիբանանի մէջ: Անոր առնչուող տուեալներն ու մանրամասնութիւնները իրենց վրայ կը գրաւեն բոլորին ուշադրութիւնը: Նկատի ունենալով, թէ Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին մէջ երէկ «Քորոնա» ժահրով 14 վարակուածներ արձանագրուած են, այդպիսով Լիբանանի մէջ վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասաւ 177-ի,...

Ամեր Ֆախուրիի Հարցով Հըթթի Բացատրութիւն Պահանջեց Դեսպան Շիայէն

Ամեր Ֆախուրիի Հարցով Հըթթի Բացատրութիւն Պահանջեց Դեսպան Շիայէն

Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ իր մօտ հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որմէ իմացաւ նախանցեալ օր ամերիկեան դեսպանատունէն Ամեր Ֆախուրին Լիբանանէն դուրս փոխադրելու մանրամասնութիւնները: Նշենք, որ Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած եւ Խիամի արգելարանին մէջ լիբանանցի քաղաքացիներ չարչարած Ամեր Ֆախուրի երկուշաբթի օր Զինուորական ատեանի նախագահին` դատախազ Հիւսէյն Ապտալլայի վճիռով ազատ արձակուեցաւ: Միւս կողմէ, դատախազ Ապտալլա իր հրաժարականը...

Սէյիտ Նասրալլա. «Դիմադրութիւնը Արդի Դարու Ամէնէն Պատուաւոր, Իմաստուն Եւ Ազնուական Դիմադրութիւնն Է»

Սէյիտ Նասրալլա. «Դիմադրութիւնը Արդի Դարու Ամէնէն Պատուաւոր, Իմաստուն Եւ Ազնուական Դիմադրութիւնն Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ, 20 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, թէ Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած Ամեր Ֆախուրիի ազատ արձակումը գործարք մը չէ` աւելցնելով, որ անոր ձերբակալումէն ի վեր լիբանանեան պետութեան պատասխանատուներուն դէմ սկսան ամերիկեան ծանր ճնշումներ բանեցուիլ: Նասրալլա նշեց, որ Ֆախուրիի մասին խօսելու ստիպուած կը զգայ` մեկնելով լիբանանեան հանրային կարծիքին, ինչպէս...

Page 501 of 988 1 … 500 501 502 … 988

Արխիւներ