Արտաքին գործոց նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ իր մօտ հրաւիրեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որմէ իմացաւ նախանցեալ օր ամերիկեան դեսպանատունէն Ամեր Ֆախուրին Լիբանանէն դուրս փոխադրելու մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարած եւ Խիամի արգելարանին մէջ լիբանանցի քաղաքացիներ չարչարած Ամեր Ֆախուրի երկուշաբթի օր Զինուորական ատեանի նախագահին` դատախազ Հիւսէյն Ապտալլայի վճիռով ազատ արձակուեցաւ:
Միւս կողմէ, դատախազ Ապտալլա իր հրաժարականը յղեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, ի տես իր եւ Զինուորական ատեանի անդամներուն դէմ յայտարարուած արշաւին, որ կը վերաբերէր Ամեր Ֆախուրին ազատ արձակելու վճիռին:
Դատախազ Ապտալլա իր հրաժարականին մէջ նշեց, որ ինք կը հրաժարի, որովհետեւ օրէնքին գործադրութիւնը համազօր կը նկատուի դասալքութեան:
Վարչապետ Հասսան Տիապ շեշտեց, որ Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւնը կարելի չէ մոռնալ` հաստատելով, որ նահատակներուն եւ ազատ արձակուած պատանդներուն իրաւունքները չեն մոռցուիր երկնքի արդարութեան մէջ` որքան ժամանակ ալ անցնի:
Պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր յայտնեց, որ ինք պիտի աշխատի պատրաստել օրէնք մը, որուն համաձայն ժամանակ անցընելու պատճառով պատիժը կարելի չէ բեկանել:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Փիթըր Ժըրմանոս հաստատեց, որ դատախազ Հիւսէյն Ապտալլա քաջ կերպով կը ստանձնէր եւ անսահման զիջումներով կը վարուէր ահաբեկչութեան վերաբերող թղթածրարներուն հետ: «Հետեւաբար հրաժեշտ պիտի չտամ, այլ ցտեսութիւն պիտի ըսեմ», յայտնեց ան:



