Մեթնի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու իմաստով միացեալ աշխատանք տանելու իրենց հաւատքէն մեկնելով` Մեթնի երեսփոխանները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Իպրահիմ Քանաան, Էլիաս Պու Սաապ, Էտի Մաալուֆ, Էտի Ապի Լամաա ունեցան ելեկտրոնային նիստ մը, որուն ընթացքին տուին շարք մը որոշումներ:
Հիմնուելով կառավարութեան որոշումներուն վրայ` Մեթնի երեսփոխանները ընդգծեցին Տահր Պաշեքի հիւանդանոցը պատրաստելու կարեւորութիւնը, որուն լոյսին տակ որոշեցին առողջապահութեան նախարարութեան եւ կառավարութեան յառաջացուցած «Քորոնա»-ի յատուկ շտապին հետ գործակցիլ, որպէսզի Տահր Պաշեք հիւանդանոցին պէտք եղած պիւտճէն տրամադրուի` զայն անհրաժեշտ բժշկական անձնակազմով եւ սարքաւորումով օժտելու:
Մեթնի երեսփոխանները շեշտեցին, որ միայն այդ ձեւով կարելի կ’ըլլայ «Քորոնա» ժահրով վարակուածները ընդունիլ եւ անոնց պէտք եղած բժշկական խնամքը տրամադրել:
Անոնք յոյս յայտնեցին նաեւ, որ կառավարութիւնը այլ վայրեր տրամադրէ եւ զանոնք բժշկական իրերով ու սարքերով օժտէ, եթէ տագնապը աւելի եւս վատթարանայ:
Մեթնի երեսփոխանները շեշտեցին, որ պիտի հսկեն շրջանի քաղաքապետարաններուն կազմ ու պատրաստ ըլլալուն եւ գաւառապետներուն հետ գործակցելուն:
Անոնք կոչ ուղղեցին Մեթնի բնակիչներուն անձնապէս զգուշանալու «Քորոնա» ժահրին տարածումէն եւ կանխարգիլման պէտք եղած միջոցները որդեգրելու, յատկապէս անհատական մակարդակով, ինչպէս նաեւ անձնական շրջագայութիւնները նուազագոյնի իջեցնելու` վարակումի հաւանականութիւնը վերացնելու նպատակով:
Մեթնի երեսփոխանները շեշտեցին նաեւ, որ առողջապահութեան նախարարէն պէտք է պահանջել, որ շրջանի հիւանդանոցներն ու տարրալուծարանները «Քորոնա» ժահրի բժշկական քննութիւն կատարելու կարելիութիւն ունենան` հակակշռելու համար այս ժահրին տարածումը: Անոնք նշեցին, որ այդ քննութիւններուն ծախսը պէտք է հոգայ առողջապահութեան նախարարութիւնը` նկատի ունենալով ժահրին` համաճարակի վերածուած ըլլալու տարողութիւնը:
Մեթնի երեսփոխանները որոշեցին իրենց նիստերը բաց պահել: