Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Մարի Քլոտ Նաժըմ յայտնեց, որ կ’աշխատի պատրաստելու անուանացանկ մը, որ պիտի ընդգրկէ յատուկ պարագաներ, որոնք արժանի են ներում ստանալու: Ան նշեց, որ այս իմաստով կը գործակցի Ներքին ապահովութեան ուժերու բանտերու վարչութեան, ընդհանուր դատախազութեան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման զգուշացուց լիբանանցիներուն ընկերային օժանդակութիւններ մատուցելու ընթացքին խտրական մօտեցում ցուցաբերելէ: Ան հաստատեց, որ տնտեսական եւ ապրուստի պայմանները ճնշող են եւ անհանդուրժելի դարձած:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կոչ ուղղեց քաղաքապետարաններուն վստահ ըլլալու, թէ բջիջային հեռաձայններու մարզէն իրենց յատկացուած գումարները փոխանցուա՞ծ են, թէ՞ ոչ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր ցաւէն կը տնքայ, իսկ երկրին ղեկավարները իրականութենէ հեռու են եւ իրենց ուշքը կորսնցուցած: «Ամերիկեան տոլարին արժէքը 2900-ի հասած է, իսկ կառավարութիւնը գործնական ոչ մէկ քայլի կը դիմէ: Ամօթալի է այս իրականութիւնը», հաստատեց ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան կոչ ուղղեց իւրաքանչիւր կարիքաւոր ընտանիքի նուազագոյնը 500 հազար լ. ոսկիի գումար մը վճարելու:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրեն համար կառավարութեան դէմ մղուած արշաւը անհասկնալի է` աւելցնելով, որ ինք համաձայն է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ` Կեդրոնական դրամատունը հաշուետուութեան կանչելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Հասսան Տիապի միջեւ լարուածութիւն չկայ: «Պատահածը այն էր, որ կառավարութիւնը արտերկրի լիբանանցիներուն հարցին նկատմամբ ճկունութիւն չցուցաբերեց», հաստատեց Ժապեր:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ բարեկարգումի ծրագիրին յայտարարութիւնը զօրութեան նշան է, ինչպէս նաեւ երկիրը փրկելու ուղեգիծ: Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան լաւ ընթացքը նեղացուցած է բոլոր անոնց, որոնք անոր ձախողութեան վրայ գրաւ դրած էին:

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահրը Եւ Համաշխարհային Համակարգի Անզօրութիւնը

Յաջորդը

Չորս Նախկին Վարչապետներ. «Կառավարութիւնը Կ՛ուղղուի Կատարելու Այնպիսի Նշանակումներ, Որոնք Կը Միտին Պետական Պաշտօններուն Վրայ Հակակշիռ Բանեցնել` Առանց Ատակութեան Նկատմամբ Յանձնառու Մնալու»

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?