ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին ընդմէջէն շեշտեց, որ «Քորոնա» ժահրը համայնքային, քաղաքական եւ ցեղային ինքնութիւն չունի` հաստատելով, որ երկրին մէջ տիրող կացութեան հետեւանքներէն ամէնէն աւելի կը տուժեն համեստ դասակարգի պատկանող ընտանիքները: «Անոնք ամէնէն աւելի կարիքը ունին կառավարութեան, քաղաքապետութիւններուն եւ միջազգային գործընկերներուն օժանդակութեան», ըսաւ Քիւպիչ:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումով ողջունեց կառավարութեան` Կեդրոնական դրամատան հաշիւները դրամական քննութեան ենթարկելու որոշումը` կարենալ տիրող ճշգրիտ վիճակը պարզելու նպատակով: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի այս որոշումը անհրաժեշտ էր եւ կարեւոր, ինչպէս նաեւ յանդուգն, որովհետեւ անիկա պիտի ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարի հզօրագոյն քայլը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Մըրի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` հերքելով Մըրի մահուան մասին շրջան ընող կեղծ լուրերը եւ ընդգծելով, որ երեսփոխան Մըրի առողջութիւնը լաւ է:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ղատա Շրայմ յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը ապահովելը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ այդ իմաստով քաղաքական աւելորդաբանութիւններ կատարելու կարիք չկայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի կոչ ուղղեց` իմաստուն կերպով վարուելու եւ Աքքարի ու Լիբանանի համար միասնականութեամբ գործելու:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց «Քորոնա» ժահրին պատճառով բռնկելիք ընկերային հաւանական տագնապէ մը` հաստատելով, որ ժողովուրդը կրնայ անօթի մնալ: Ան կոչ ուղղեց` օժանդակելու այն քաղաքացիներուն, որոնք չեն կրնար իրենց ապրուստը ապահովել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը գործէ միայն այն ատեն, երբ հրաժարականներու սպառնալիքի տակ կը գտնուի:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան յատուկ ջոկատ մը Սայտայի մէջ ձերբակալած է լումայափոխ մը, որ Կեդրոնական դրամատան ճշդած սակին վրայ հիմնուելով չէր կատարեր իր աշխատանքը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց կառավարութեան` օժանդակելու լիբանանցիներուն: Ան շեշտեց, որ անօթութենէն մահանալը աւելի վտանգաւոր է, քան` «Քորոնա» ժահրէն մահանալը: