Երէկ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ոչ մէկ դէպք արձագրուած է վերջին 24 ժամուան ընթացքին: Կատարուեցան 487 քննութիւններ Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներուն, եւ 8 քննութիւններ` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն:
Առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասիմ Արաժի յայտնեց, որ պէտք չէ չափազանցել լաւատեսութիւնը` Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման վերաբերող: «Մենք տակաւին կը գտնուինք վտանգի շրջանակին մէջ եւ կը սպասենք պատահական քննութիւններու արդիւնքներուն, որոնք կը կատարուին առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ` տրուած ըլլալով, որ ժահրով վարակուածներուն 80 առ հարիւրը տեսանելի կամ զօրաւոր ախտանշաններ ցոյց չի տար», նշեց Արաժի:
Սէյիտաթ Մաունեթ հիւանդանոց յայտնեց, որ ժահրով վարակուած 27 պարագաներ, որոնց շարքին բոլոր բժիշկները եւ հիւանդապահները, ապաքինած են: Նշուեցաւ նաեւ, որ կայ մէկ պարագայ, որ կը գտնուի բուժումի յատկացուած բաժինին մէջ, մինչ կան 2 պարագաներ, որոնք կը գտնուին բժշկական յատուկ խնամքի բաժանմունքին մէջ, եւ անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:
Համատ Հասան. «Յետ Այսու Չկայ Առողջապահական Փտածութիւն»
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումին մէջ յայտնեց, որ յետ այսու չկայ առողջապահական փտածութիւն: Ան նշեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը չեղեալ նկատած է Մաշրեք հիւանդանոցին հետ պայմանագիրը, դադրեցուցած է հսկող բժիշկին համաձայնութիւնը եւ թղթածրարը փոխանցած է ելեւմտական հանրային դատախազութեան: Ըստ անոր` պիտի կատարուի նաեւ հետաքննութիւն հիւանդանոցին բոլոր հաշուեցոյցերուն, որոնց մէջ չհիմնաւորուած եւ առանց բժշկական թղթածրարներու գումարը հասած է 509,185,108 լիբանանեան ոսկիի` միայն մէկ ամսուան ընթացքին:
Մինչ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ պատահական քննութիւններ կատարելու աշխատանքը, նախարար Համատ Հասան դրուատեց կամաւոր երիտասարդներու աշխատանքը եւ Լիբանանի ժողովուրդին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ինչ որ, ըստ նախարարին, ցոյց կու տայ Լիբանանի փայլուն պատկերը եւ քաղաքացիական հասարակութեան ու պետական կառոյցներուն միջեւ դրական գործակցութիւնը:
Նպաստներ` Պետական Դպրոցներ Յաճախող Աշակերտներու Ընտանիքներուն
Իրագործելով կառավարութեան որոշումը, լիբանանեան բանակը երէկ սկսաւ ընկերային նպաստներ բաժնել պետական դպրոցներ յաճախող աշակերտներու ընտանիքներուն: Ասոր զուգահեռ, կը շարունակուին ընկերային նպաստներ բաժնուիլ ականներու պատճառով վիրաւորուած եւ զոհեր ունեցող ընտանիքներուն: Յաջորդ հանգրուանին նպաստներ պիտի բաժնուին հանրային փոխադրամիջոցներու վարորդներուն եւ ամէնէն կարիքաւոր ընտանիքներուն:



