Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Կը Հասնի 658-ի, Մահուան Պարագաները` 21-ի, Իսկ Բուժուածներուն Թիւը Հասած Է 84-ի

April 16, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Չինաստան Այսօր Լիբանանին Կը Նուիրէ «Քորոնա» Ժահրի
Ախտորոշման «Փի. Սի. Ար.»-ի Քննութեան Յաւելեալ Կարելիութիւններ

«Քորոնա» համաճարակի տարածումի դիմակայման նպատակով Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ընդհանուր զօրաշարժի, երթեւեկի սահմանափակումներու, բնակարանային մեկուսացման կոչերը, ինչպէս նաեւ երեկոյեան ժամը 7:00-էն առաւօտեան ժամը 5:00 յայտարարուած անհատական կրակմարի դրութիւնը կը յարգուին` որոշ խախտումներով:

Լիբանանցիները 90 առ հարիւր համեմատութեամբ յանձնառու կը մնան որդեգրուած միջոցառումներուն եւ կ’ենթարկուին լիբանանեան պետութեան պարտադրած նախազգուշական եւ «Քորոնա»-ի ժահրին տարածումը կանխարգիլելու քայլերուն:

«Քորոնա» ժահրին պատճառած տագնապին եւ անոր նախորդող շրջանին երկիրը արդէն իսկ հարուածած տնտեսական տագնապին մասին վարչապետ Տիապ այսօր պիտի արտասանէ խօսք մը:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 658-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 17 նոր վարակուածներ: Ըստ նախարարութեան, նոր վարակուածները Լիբանանի մէջ ապրող քաղաքացիներու 12 պարագաներ են` աւելցնելով, որ Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներուն մէջ եղած են 5 վարակուածներ:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ երէկ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մը մահացած է` մահացողներուն թիւը բարձրացնելով 21-ի, իսկ բուժուածներուն թիւը հասած է 84-ի:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցին տեղեկութիւններուն համաձայն, կայ 1 պարագայ, որ առողջական խոցելի վիճակի մէջ է:

Հիւանդանոցին տեղեկութիւններուն համաձայն, առողջական մեկուսարաններուն մէջ կան 30 վարակուածներ, իսկ 15 ուրիշներ տարբեր հիւանդանոցներէ հասած են Պէյրութի կառավարական հիւանդանոց:

Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ նախարարութիւնը երէկ նախաձեռնեց նոր մեթոտի մը, որուն հիման վրայ ան յայտարարեց, թէ մեկնարկը կատարած է ընկերային ցանցերու միջոցով «Քորոնա» ժահրին եւ անոր կապուած մանրամասնութիւններուն մասին լիբանանցիները իրազեկ պահելու նախաձեռնութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Հասան հաստատեց, որ այն քաղաքացին, որ կը փափաքի «Ուաթցափ»-ի միջոցով տեղեկութիւններ ստանալ առողջապահութեան նախարարութենէն, պէտք է իր մօտ աւելցնէ հետեւեալ հեռախօսի թիւը` 76-592699, եւ «Ուաթցափ»-ով «Hi» գրէ նախարարութեան:

Իր կարգին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ երէկ յայտարարեց, որ հիւանդանոցը հեռաձայնային յատուկ կեդրոն մը ունեցած է, որ միայն «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու կամ կասկածելի վարակուածներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն պիտի տրամադրուի:

Նախարար Հասան երէկ այցելեց Այն Ռըմմանէի Մաարպես հիւանդանոցը, ուր շեշտեց, որ քաղաքացիներուն կողմէ հիւանդանոց ուղղուելու կարելիութեան հանդէպ ցուցաբերուած մերժումը ցոյց կու տայ, թէ կան որոշ բացթողումներ:

Ան ըսաւ, որ «Քորոնա» ժահրի դիմակայումին դէմ Լիբանան որոշ կէտեր արձանագրած է, սակայն տակաւին ժամանակի եւ յաւելեալ աշխատանքի կարիքը կայ, որպէսզի կարենանք այս համաճարակին դէմ վերջնական յաղթանակ արձանագրել:

«Մենք ամէնէն համեստ միջոցներով կը դիմակայենք «Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը, իսկ ցարդ մեր յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ իշխանութեան եւ լիբանանեան հանրութեան միջեւ գործակցութեան մէջ: Մեր կառավարութեան գործելաոճը թափանցիկ է, եւ այս իմաստով կ’ողջունենք ընկերային հարցերու նախարարութիւնը` անոր կատարած աշխատանքներուն համար», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Հասան երէկ առաւօտեան ուղղուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդ, ուր ան պաշտօնապէս խորհուրդը տեղեակ պահեց իր ունեցուածքին մասին:

Ան հաստատեց, որ կառավարութեան մաս կազմող բոլոր նախարարները կը կատարեն այդ մէկը, որովհետեւ կառավարութեան նպատակն է ծառայել ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Հասան մաղթեց, որ կառավարութիւնը ծայր աստիճան թափանցիկութեամբ գործէ:

Հասան յայտնեց, որ այսօր առաւօտեան Չինաստանի դեսպանատան կողմէ պիտի ստանան յատուկ նուէր մը, որուն հիման վրայ Լիբանանի մէջ կարելի պիտի ըլլայ «Քորոնա» ժահրի ախտորոշման քննութիւնները բազմացնել եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին օրական դրութեամբ 1000-1500 քննութիւն կատարել:

Երէկ երեկոյեան Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի կասեցման որոշումը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ կարելի է կազմակերպել այնպիսի թռիչքներ, որոնք տրամադրուած կ’ըլլան միայն անոնց, որոնց «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններուն արդիւնքները ժխտական են:

Ան հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պահանջեցին արտերկրի լիբանանցիները ամէն գնով փոխադրել Լիբանան, սակայն հակառակ տիրող այս տրամադրութեան` կառավարութիւնը երկու շաբաթով կասեցուց այդ թռիչքները:

Պէտք է աւելցնել, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի տնօրէն Ֆատի Հասան յայտնեց, որ եթէ առողջապահութեան նախարարութեան կարողութիւնները ներեն, ապա կարելի պիտի ըլլայ արտերկրի լիբանանցիները Լիբանան վերադարձնող թռիչքներուն թափը արագացնել, օրինակ` այդ թռիչքները օրական դրութեամբ կատարելով:

Հասան շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձի  Բ. փուլին «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւերը պիտի հասնին Քանատա, Մոնրէալ եւ Արեւելեան Եւրոպա, ինչպէս նաեւ Եգիպտոս, Քաթար եւ Իրաք: «Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին մենք պիտի սկսինք ծրագրաւորել կատարուելիք թռիչքներուն ժամանակացոյցը», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Յաջորդը

Արայիկ Յարութիւնեան Ընտրուեցաւ Արցախի Նախագահ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.