Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն կ՛ընկերակցէր առաջին խորհրդական Սալինա Կրունիէ Քաթալանոն, ելեւմտական խորհրդական Ժուլիան Ֆուլոն, եւ քաղաքական խորհրդական Սթեֆանի Սալիհան: Ներկայ էին նաեւ վարչապետին դիւանագիտական հարցերու խորհրդական, դեսպան Ժըպրան Սոֆանը եւ վարչապետին գրասենեակի պատասխանատու, դատախազ Խալիտ Աքարին: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին զարգացումներուն եւ քննարկուեցաւ կառավարութեան կողմէ առաջարկուած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը:
Փտածութեան Դէմ Պայքարի Յանձնախումբի Նիստ
Վարչապետ Տիապ երէկ յետմիջօրէին գլխաւորեց փտածութեան դէմ պայքարի նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան փտածութեան դէմ պայքարի ու ապօրինի հարստացման եւ գողցուած գումարները վերադարձնելու ուղղուած մեքանիզմներ ստեղծելու վերաբերող օրինագիծերը:
Շեշտը դրուեցաւ նաեւ այն սկզբունքին վրայ, որով կը պահանջուի վերաքննիչ դատարանի դատախազէն Կեդրոնական դրամատան մօտ յատուկ հետաքննութեան գործակալութեան հետ կապուիլ` կատարելու հանրային գործերով զբաղող անձերուն պատկանող բոլոր տուեալներուն գոյքագրումը եւ զանոնք բաղդատելու Կեդրոնական դրամատան մօտ պահուած տեղեկագիրներուն, եւ տարբերութեան պարագային` սկսելու հետաքննութիւն շարժուն եւ անշարժ դրամներուն վերաբերեալ` ապօրինի հարստացման մասին թիւ 99/154 օրէնքի 12-րդ յօդուածի դրոյթներուն համապատասխան:



