Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան 21 ապրիլ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ վարչապետ Հասսան Տիապի ներկայութեան գումարուած ժողովին անգամ մը եւս արծարծեց Երեւան գտնուող եւ Լիբանան գալ փափաքող լիբանանցի քաղաքացիներու հարցը: Ան մեծապէս անհրաժեշտ նկատեց, որ այս պարագան սերտուի եւ լուծում տրուի անոր:
Հաստատուեցաւ, որ անհրաժեշտ քայլերու պիտի դիմուի, որպէսզի 27 ապրիլէն ետք Երեւան-Պէյրութ յատուկ թռիչքով Հայաստան գտնուող եւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մէջ արձանագրուած լիբանանցիները վերադառնան Լիբանան:



