Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Տիապ. «Կարելի Չէ Բարեկարգումի Մասին Մտածել, Առանց Վերադառնալու Անոր Սկզբունքներուն»

April 16, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ կէսօրին, ընկերակցութեամբ իր խորհրդական Խտըր Թալեպի, այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի:

Հանդիպումէն ետք Տիապ ըսաւ. «Այս այցելութիւնը վերադարձ մըն է դէպի այն դպրոցը, որուն սկզբունքներուն հիման վրայ դաստիարակուած ենք: Հըս ո՛չ միայն Լիբանանի խիղճն է, այլ նաեւ պետութեան գաղափարը ներկայացնող խորագիրը: Կարելի չէ բարեկարգումի մասին մտածել, առանց վերադառնալու անոր սկզբունքներուն»:

Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ ինք խիստ կարիքը ունի տալու այնպիսի որոշումներ, որոնք ազգային խորք ունին եւ ոչ թէ համայնքային կամ յարանուանական:

Իր կարգին, Հըս դրուատեց կառավարութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան որդեգրած միջոցառումները` «Քորոնա» ժահրի դիմակայումին նպատակով:

Հըս բարձր գնահատեց կառավարութեան կողմէ արտերկրի լիբանանցիներուն տունդարձը կազմակերպելու եւ լաւագոյն կերպով գործադրելու աշխատանքը:

Միւս կողմէ, վարչապետ Տիապ նախագահեց Տնտեսական խորհուրդներուն եւ կարգ մը նախարարներու միջեւ գումարուած նիստին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերու հարցով պէտք չէ մտահոգուիլ, երբ «Լազար» ընկերութեան ելեւմտական հարցերու խորհրդատուն բանակցութիւններու սկսի այդ բաժնետոմսերը կրողներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանի ունեցած նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորել:

Տիապ յայտնեց, որ իրենք «Հերքաթ»-ի մասին չէ որ կը խօսին, այլ` կ’ակնարկեն բաժնետոմսերը փոխարինելու մասին, «ինչպէս որ է պարագան աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ: Ի վերջոյ, մենք ո՛չ առաջին եւ ո՛չ ալ վերջին երկիրն ենք, որ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապ կը դիմագրաւենք», ըսաւ ան:

Տիապ ընդգծեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի տնօրինումի, որմէ կարելի ըլլայ օգտուիլ: «Ճիշդ է, որ տակաւին կը գտնուինք երկրին նիւթական պարտաւորութիւնը վերադասաւորելու փուլին մէջ, սակայն մենք կարիքը ունինք այնպիսի ծրագիրի մը, որ կը փարատէ միջազգային ընտանիքին մտահոգութիւնները: Մենք պարտաւորութիւնը ունինք վերակազմաւորելու նաեւ դրամատնային մարզը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատունը, որ խոցելի յստակ կէտեր ունի», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ նկատել տուաւ, որ ներկայ կառավարութիւնը առաջին կառավարութիւնն է, որ ակնարկած է Կեդրոնական դրամատան խոցելի կէտերուն, որովհետեւ կառավարութիւնը սկիզբէն որոշած ու յայտարարած է, թէ իր աշխատանքին մէջ թափանցիկ պիտի ըլլայ:

Տիապ դիտել տուաւ, որ իբրեւ կառավարութիւն իրենք կը գործակցին տնտեսական խորհուրդներուն եւ ելեւմտական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի ելեւմուտքի նախարարութիւնը կարելի եղածին չափ օգտուի անոնց փորձառութիւններէն` բարելաւելու համար տնտեսական բարեկարգումի իր ծրագիրը:

Վարչապետ Տիապ նկատել տուաւ, որ իբրեւ կառավարութիւն այսօր կը գտնուին տնտեսական ծրագիրի ընդհանուր շրջագիծը վաւերացնելու յանձնառութեան տակ: «Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ եթէ մենք այդ ծրագիրին համաձայն գտնուինք, պիտի չկարենանք զայն փոփոխութեան ենթարկել: Ընդհակառակն` մենք փոփոխութիւններ կատարելու փոքր լուսանցք մը պիտի ձգենք: Բայց եւ այնպէս «Լազար» ընկերութիւնը կարիքը ունի ծրագիրի մը, որուն հիման վրայ քննարկումներ պիտի կատարուին, եւ որուն հիման վրայ պիտի կատարուի Լիբանանի նիւթական պարտաւորութեան վերադասաւորումը, որ 6-9 ամսուան աշխատանք կ’ենթադրէ», ըսաւ ան:

Վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ բնականաբար իրենց պատասխանատուութիւնն է աշխուժացնել տնտեսական մարզի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ իրենց տնտեսական ծրագիրը պէտք է հիմնուի ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, դրամատնային մարզին եւ զբօսաշրջութեան մարզին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսական օղակը աշխուժացնել, ինչպէս նաեւ ներածումները նուազեցնել եւ արտածումները աւելցնել:

«Այս իմաստով կան շարք մը առաջարկներ, եւ խնդրոյ առարկայ նախարարութիւնները պիտի սերտեն աշխատանքի դրութիւնը եւ կառավարութեան ներկայացնեն իրենց առաջարկները», ըսաւ ան:

Նշենք, որ վարչապետ Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆը:

Նախորդը

Ֆահմի Քիւպիչի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.