Վարչապետ Հասսան Տիապ 1 մայիսին վարչապետարանին մէջ նախագահեց հանդիպումի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ժտէյտէի թափօններու թաղման վայրի հարցը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կենսոլորտի եւ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Տըմանոս Քաթթար, Մեթնի երեսփոխաններ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Իպրահիմ Քանաան, Էլիաս Պու Սաապ, Էտկար Մաալուֆ, Էտի Ապի Լամաա, Էլիաս Հանքաշ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Ժտէյտէ-Պաուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր եւ վարչապետի խորհրդական Խտըր Թալեպ:
Կարեւոր է յիշել, որ հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի քննութիւնը օրակարգէ դուրս է եւ ոչ մէկ ձեւով քննարկելի նիւթ: Ան հաստատեց, որ այս վայրը 2018-ի փետրուարին արդէն իսկ անվերադարձ փակուած է:



