Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան մշակած ելեւմտական բարեկարգումի ծրագիրը, որ կը միտի փրկել Լիբանանը, բարելաւել անոր տնտեսական կացութիւնը եւ լուծել անոր դիմագրաւած ելեւմտական տագնապը:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի նախագահ Աունին ներկայացուց մարոնի եկեղեցւոյ ի գործ դրած ջանքերը` օժանդակելու համար լիբանանցիներուն` տոկալու տիրող կացութեան եւ դժուարութիւններուն:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք իրերօգնութիւն կ’ուզեն: Ան ողջունեց ցուցարարները` հաստատելով, որ անոնց պահանջները արդարացի են, եւ այդ շարժումը արժանի է իրենց ողջոյնին, «սակայն մենք կը փափաքինք տեսնել, թէ ընկերային եւ տնտեսական բարօրութեան պահանջները կ’արտայայտուին շինիչ եւ քաղաքակիրթ կերպով` Լիբանանի քաղաքակիրթ դէմքը ցոյց տալով ամբողջ աշխարհին», շեշտեց ան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ պետական եւ սեփական կալուածներուն դէմ յարձակումը, ինչպէս նաեւ բանակն ու ապահովութեան ուժերը թիրախ դարձնելը բացարձակապէս մերժելի են: «Մենք կը զօրակցինք մեր ժողովուրդին պահանջներուն, սակայն վերջին օրերուն կատարուածը խիստ մերժելի է, որովհետեւ անիկա կը փոխէ Լիբանանի նկատմամբ աշխարհին հայեացքն ու տպաւորութիւնը», ընդգծեց ան:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս դժուար պայմաններուն մէջ ինք կը զօրակցի նախագահ Աունին, կառավարութեան, խորհրդարանին եւ պետական սահմանադրական հաստատութիւններուն: «Մենք կը զօրակցինք կառավարութեան, որովհետեւ առանց կայունութեան չենք կրնար ապրիլ: Կառավարութեան հանդէպ զօրակցութիւնս այս կամ այն ղեկավարին սեւ աչքերուն համար չէ, այլ անոր համար, որ Լիբանանը կարելի չէ անիշխանութեան մատնել, որովհետեւ երկիրը առանց իր սահմանադրական հաստատութիւններուն չի գործեր: Այս առումով կոչ կ’ուղղեմ լիբանանեան կուսակցութիւններուն եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն` իրենց անձնական հարցերը մէկդի դնելու` ի խնդիր Լիբանանի փրկութեան», կոչ ուղղեց Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ Կեդրոնական դրամատան հարցը չէ քննարկած` աւելցնելով, որ կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ իր արտայայտած միտքը իրարու լսելու կոչ մըն էր: «Այդ հարցը արդէն իսկ մեր ետին կը գտնուի, որովհետեւ մեր նպատակն է պաշտպանել երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները եւ ոչ թէ այս կամ այն պատասխանատուին համայնքային նեցուկ ապահովել», եզրափակեց ան: