Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիւպիչ Այցելեց Եարզէ. Ցուցարարները Շարունակեցին Փակել Ճամբաները, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բանակին Զօրակցական Ցոյց Մը

May 1, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, սղաճի եւ տնտեսական տագնապալի պայմաններուն դէմ բողոքող ցուցարարները, որոնց շարժումը Թրիփոլիի, Սայտայի եւ այլ շրջաններու մէջ վերածուած էր խուլիկանութիւններու` բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներով, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական կալուածներու քանդումով, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին փակեցին Թրիփոլի-Պէյրութ միջազգային մայրուղին: Անոնք Փալմայի կամուրջը փակեցին` ճամբուն մէջտեղ զետեղելով քարեր ու արգելքներ, եւ բողոքեցին ամերիկեան տոլարի արժէքին բարձրացումին դէմ:

Երեկոյեան ժամը 7:00-7:30-ի միջեւ ցուցարարներ փակեցին Զահլէի եւ Ֆըրն Շըպպեք-Շեվրոլէի հրապարակները:

Յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, ցուցարարներ փակեցին Պեքաայի ճամբաները` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, բանակը խստացուց իր ներկայութիւնը Կեդրոնական դրամատան Սայտայի մասնաճիւղին դիմաց` պաշտպանելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը, նկատի ունենալով, որ վերջին օրերուն ընթացքին օրական դրութեամբ ցուցարարներ կը քարկոծէին եւ քոքթէյլ-մոլոթովներ ու պայթուցիկներ կ’արձակէին դրամատան վրայ:

Միւս կողմէ, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Թրիփոլիի եւ Մինայի մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը` մերժելով բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն վրայ յարձակումները: Բանակին զօրակցական ցոյցին ընթացքին, ցուցարարները հաստատեցին, որ իրենց բողոքը քաղաքական փտած դասակարգին դէմ է եւ ոչ թէ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ պահելու նպատակով բանակը հսկայ ճիգեր ի գործ դրած է:

«Թրիփոլիի եւ Սայտայի մէջ արձանագրուած խուլիկանութիւններուն պատճառով վիրաւորուած են 23 բանակայիններ, որոնցմէ մէկը ծանրօրէն վիրաւորուած էր եւ կորսնցուցած իր մէկ ձեռքին մատները: Բանակը ձերբակալեց 24 յանցագործներ, որոնց մէջ կային 2 սուրիացիներ եւ 2 պաղեստինցիներ: Անոնք բանակայինները կը քարկոծէին եւ պայթուցիկներու ու քոքթէյլ-մոլոթովներու թիրախ կը դարձնէին զանոնք, ինչպէս նաեւ կը քանդէին պետական եւ սեփական կալուածները», նշուեցաւ բանակի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Հըթթի. «Իսրայէլեան Բռնարարքները Կասեցնելու Նպատակով Միջազգային Խորհուրդներուն Մօտ Արաբական Ընդարձակ Արշաւ Մը Պէտք Է Տարուի»

Յաջորդը

Լիբանան Կը Շարունակէ Հակակշիռի Տակ Պահել «Քորոնա» Ժահրի Տարածումը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.