Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռիատ Սալամէ. «Կեդրոնական Դրամատունը Ֆինանսաւորած Է Պետութիւնը Եւ Ոչ Թէ Գումարը Մսխած, Իսկ Հաշիւ Ունեցողներուն Գումարները Ապահով Են»

April 30, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատասխանելու համար վարչապետ Հասսան Տիապի կողմէ իրմէ պահանջուած լուսաբանութիւններուն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ երէկ կէսօրին հանդէս եկաւ պատկերասփռուած յայտարարութեամբ մը, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ գումարներ ծախսելու իմաստով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին իրաւասութիւնը միայն 150 միլիոն լ. ոսկիի սահմանին մէջ է:

Ան ըսաւ, որ ատկէ վեր եղող գումարներու պարագային Կեդրոնական դրամատան Կեդրոնական խորհուրդի հաւանութեամբ է, որ որոշում կը տրուի` տեղեակ պահելով Կեդրոնական խորհուրդին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչն ու ելեւմուտքի նախարարը: «Այս է իրականութիւնը, հետեւաբար ասոր հակասող այլ մեկնաբանութիւններ տարաձայնութիւններ են, որոնք հանրութեան կարծիքը կը շեղեն եւ փորձեն ստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն, որ Կեդրոնական դրամատան մէջ ամէն բանի պատասխանատուութիւնը կառավարիչին անձով կը ստանձնուի: Այս տեսակի մեկնաբանութիւններ կը միտին ամրապնդել Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դէմ ծրագրուած արշաւը», յայտնեց Սալամէ:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք անձամբ 9 մարտ 2020-ին, վարչապետ Հասսան Տիապի յանձնած է Կեդրոնական դրամատան հաշիւները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշուեքննութեան արդիւնքները:

«24 ապրիլ 2020-ի դրութեամբ Կեդրոնական դրամատան պիւտճէին մէջ կար 20 միլիառ 894 միլիոն տոլար: Նախապէս դրամատան մօտ շատ աւելի մեծ գումար կար, սակայն պետութեան ծախսերը ֆինանսաւորելու համար Կեդրոնական դրամատունը 863 միլիոն տոլար յատկացուց` հում նիւթ ապահովելու, նաեւ 843 միլիոն տոլար` ցորեն, նաւթ եւ դեղօրայք ապահովելու համար: Կեդրոնական դրամատունը ֆինանսաւորած է լիբանանեան պետութիւնը եւ ոչ թէ գումարները մսխած: Ոմանք գումարները մսխած են, եւ պէտք է գիտնալ, թէ այդ գումարները ինչպէս մսխուեցան: Դրամատունը ստիպուած է ելեւմտական քաղաքականութիւններ որդեգել ժամանակ շահելու համար, որպէսզի Լիբանան կարենայ ինքզինք վերագտնել, սակայն եթէ «Սետր»-ի խորհրդաժողովին խոստումները չգործադրուեցան` ապա Կեդրոնական դրամատունը չէ յանցաւորը», շեշտեց ան:

Իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն` Սալամէ յայտնեց, որ անոնք պէտք չէ իրենց հաշիւներուն մասին մտավախութիւն ունենան, որովհետեւ անոնց գումարները դրամատնային մարզին մէջ կը գտնուին եւ կ՛օգտագործուին», յայտնեց Սալամէ:

Պատասխանելով վարչապետ Տիապի այն յայտարարութեան, թէ նախորդ 4 ամիսներուն լիբանանեան դրամատուներէն 5,7 միլիառ տոլար Լիբանանէն դուրս բերուած է` Սալամէ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւներով դրամատուներէն 5,9 միլիառ տոլար պակսած է, որովհետեւ անոնցմէ 3,7 միլիառ տոլարը օգտագործուած է վարկերը փակելու, իսկ 2 միլիառ 200 միլիոն տոլար հաշիւ ունեցողները ստացած են իրենց գումարներէն:

Ան հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը լումայափոխներուն հետ գործակցած է եւ ամէն ջանք ի գործ դրած է, որպէսզի կարելի եղածին չափ հակակշռէ ամերիկեան տոլարի սակը, սակայն պէտք է բոլորը իմանան, որ այս մէկը դիւրին աշխատանք մը չէ:

«Կեդրոնական դրամատան անկախ գործունէութիւնը կը պաշտպանենք, հետեւաբար երբ շրջաբերականներ կը հրապարակենք` ըստ օրէնքի եւ ելեւմտական քաղաքականութեան, մեր ուղղուածութեամբ կը կատարենք այդ բոլորը: Օրէնքը մեզի չի պարտադրեր, որ մեր հրապարակելիք իւրաքանչիւր շրջաբերականի պարագային կառավարական ուժերու հետ համադրում կատարենք: Մենք կը փափաքինք, որ աշխատանքի համադրումը մնայուն ըլլայ Լիբանանի կառավարութեան հետ, եւ ոչ մէկ անգամ մերժած ենք ընդառաջել կառավարութեան պահանջին», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Առողջապահութեան Նախարարը Զգուշացուց «Քորոնա» Ժահրին Նկատմամբ Թոյլ Մօտեցում Ցուցաբերելու Կեցուածքներէ

Յաջորդը

Կը Նախատեսուի, Որ Կառավարութիւնը Այսօր Վաւերացնէ Իր Մշակած Ելեւմտական Բարեկարգումի Ծրագիրը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.