Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Թերզեան. «Լիբանանի Պատմութիւնը Կեղծելու Փորձերուն Դէմ Ամուր Արգելք Մը Պիտի Ըլլանք»

Մայիս 5, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Պատմութեան եւ անկէ ուսանելի դասեր քաղելու, ինչպէս նաեւ պատմութիւնը կեղծելու փորձերը արգիլելու եւ Լիբանանի նահատակներէն իւրաքանչիւրին յիշատակին հաւատարիմ մնալու համար, կը հաստատենք, որ 6 մայիս 1916-ին Ճեմալ փաշան 14 լիբանանցի ազգային գործիչներ հրապարակաւ կախաղան բարձրացուց, եւ այդ հրապարակը կոչուեցաւ «Նահատակաց» հրապարակ: Ազատական այդ նահատակներուն յիշատակը իւրաքանչիւր լիբանանցիի յիշողութեան մէջ դրոշմուած է` հակառակ ոմանց կողմէ ուրացումի տրամադրութեան եւ ճշմարտութիւնը նենգափոխելու միտումին: Արիւնարբու օսմանցիին կախաղանի պարանը շէյխին եւ քահանային միջեւ խտրութիւն չդրաւ, ո՛չ ալ զատորոշեց գործարարին եւ լրագրողին միջեւ, այլ բոլորը նկատեց ազգայնականներ:

Պատմութիւնը իմաստազրկելու եւ իր խորքէն պարպելու նպատակով զայն նենգափոխելու փորձեր կատարողներուն կ’ըսեմ. «Եթէ կարդալ գիտէք, վերադարձէ՛ք Լիբանանի պատմութեան իններորդ դասարանի գիրքին եւ կարդացէ՛ք, թէ արիւնարբու Ճեմալ փաշան 1915-1916 թուականներուն ռազմական դրութեան օրէնքի ծիրին մէջ ինչեր կատարած է, եւ ապա վերադարձէ՛ք ձեր պատմութեան ու հայրենիքին»:

Լիբանանի պատմութիւնը կեղծելու փորձերուն դէմ ամուր արգելք մը պիտի ըլլանք` 6 մայիս 1916-ին վերադարձնելով Լիբանանի Նահատակաց տօնը ըլլալու իրականութիւնը, եւ ոչ թէ ընդունելով անոր սահմանափակումը նահատակ լրագրողներով, որոնք անպայմանօրէն արժանի են մեր յարգանքին:

6 մայիս 1916-ը Լիբանանի բոլոր նահատակներուն յիշատակի օրն է եւ միայն նահատակ լրագրողներով անոր սահմանափակումը կը նուաստացնէ մնացեալ բոլոր նահատակներուն զոհողութիւնները»:

 

 

Նախորդը

Տիապ Այցելեց Պըրրիի Եւ Ընդունեց Քիւպիչը

Յաջորդը

«Նախագահական Պալատի Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումին Պիտի Մասնակցինք Եւ Մեր Տեսակէտը Յայտնենք Ամերիկեան Տոլարին Դիմաց Լիբանանեան Դրամանիշի Պաշտօնական Սակի Ճշդումին Եւ Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Մասին» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?