Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7121-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 309 նոր վարակուածներ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 87 պարագաներ մահացած են, իսկ 2377 ուրիշներ` ապաքինած: