Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան մասնակցեցաւ Սկաուտական շարժումի միջազգային կազմակերպութեան Արաբական սկաուտական շրջանի կազմակերպած խորհրդաժողովին, որ նուիրուած էր Երիտասարդութեան միջազգային օրուան:
Խորհրդաժողովին ներկայ էր նաեւ Սկաուտական շարժումի արաբական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար, Արաբական սկաուտական շրջանի տնօրէն Ամրօ Համտի:
Այս առիթով նախարար Օհանեան-Գէորգեան ողջունեց արաբ երիտասարդութիւնը եւ ըսաւ.
«Արտօնեցէ՛ք սակայն, որ այսօր արաբ երիտասարդութենէն առաջ խոնարհիմ եւ յարգանքս յայտնեմ լիբանանցի երիտասարդութեան առջեւ, որ Երիտասարդութեան միջազգային օրը վերածեց իր օրուան: Լիբանանցի երիտասարդները քաղաքական, առողջապահական, մշակութային, սկաուտական, մարզական, կենսոլորտային մարզերուն մէջ հսկայ ներուժ եւ ջանք ի գործ կը դնեն` հաւատալով, որ արժանի են աւելի լաւ ապագայի մը եւ հայրենիքի մը, որ իրենց երազներու հայրենիքն է եւ ամէնէն գեղեցիկ երկիրը:
Լիբանանցի երիտասարդներն ու սկաուտները անկարելի էր, որ չհակազդէին մայրաքաղաք Պէյրութը քանդած հսկայական պայթումին: Անոնք աւելը, ակիշն ու համապատասխան բոլոր գործիքները առին եւ փողոց առ փողոց շրջեցան` բարձրացնելով կամաւոր աշխատանքի դրօշը: Անոնք մաքրեցին թաղերն ու հաւաքեցին քանդուած տուներուն աւերները: Լիբանանցի երիտասարդները կազմակերպուած արշաւներով արեան տուչութիւն կատարեցին: Իսկ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի իմաստով անոնք ձեռնածալ չմնացին, այլ` ստանձնեցին համաճարակի վարակումը կանխարգիլելու ցուցմունքներն ու նախազգուշութեան կերպերը տարածելու իրենց դերակատարութիւնը:
Տակաւին այս բոլորէն առաջ, լիբանանցի երիտասարդները բաբախուն յեղափոխութեան դրօշակակիրներն էին, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին տարբեր մարզերուն մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու:
Լիբանանցի երիտասարդներն էին, որոնք բացին դռները, որպէսզի հայրենիքին եւ անոր ապագային հոգին կրծող փտածութեան մարմինին մէջ սեպ խրեն:
Շնորհակալութի՛ւն ձեզի, լիբանանցի երիտասարդներ»:



