Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 6812-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 295 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 290-ը` տեղացիներ, իսկ 5-ը` Պէյրութ վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 80 պարագաներ մահացած են, իսկ 2292 ուրիշներ` ապաքինած: