Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 8045-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 334 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 324-ը` տեղացիներ, իսկ 10-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 94 պարագաներ մահացած են, իսկ 2551 ուրիշներ` ապաքինած:



