Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 7413-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 292 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 286-ը` տեղացիներ, իսկ 6-ը` Լիբանան վերադարձած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 89 պարագաներ մահացած են, իսկ 2407 ուրիշներ` ապաքինած: