Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Տել Քոլի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Հարցը

November 20, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի սահմանագծումին վերաբերող խնդիրներ:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումին համար ընթացող բանակցութիւնները արդիւնաբեր ըլլան եւ Լիբանան վերստանայ իր իրաւունքները` հիմնուելով միջազգային օրէնքի վրայ:

Նախագահ Աուն Տել Քոլին յայտնեց, որ ծովային սահմանագծումը պէտք է կատարուի ցամաքային սահմանագծումին հիման վրայ, այսինքն` հիմնուելով Ռաս Նաքուրայէն մեկնարկող գիծին վրայ:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ սահմանային Կապոյտ գիծը եւս պէտք է սրբագրել, որպէսզի ան համընկնի միջազգային ճանաչում ունեցող ցամաքային սահմանագիծին:

Նախագահ Աուն Լիբանանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Տել Քոլին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ՖԻՆԻՒԼ-ի տրամադրած օժանդակութեան համար, յատկապէս Պէյրութի եւ Մար Մխայէլի մէջ աւանդական ժառանգութիւն ներկայացնող բնակարաններն ու շէնքերը պահպանելու, ինչպէս նաեւ քանդուած բնակարաններու 500 թոն մնացորդացը փոխադրելու առումով:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց արտաքին գործոց նախարարութեան կառոյցը քանդումէ պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստը մաքրելու համար:

Նախագահ Աուն գնահատեց նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի կողմէ Նաքուրայի մէջ եռակողմանի հանդիպումները հիւրընկալելու ջանքերը` աւելցնելով, որ Լիբանան դիտողութիւններ կատարած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան մասին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի ներկայացումին գծով:

Ան ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն միջեւ աշխատանքային համագործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ստացաւ շնորհաւորագիրներ` Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` իր բարեմաղթութիւնները ուղղելով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:

Նախագահ Աուն շնորհաւորագիրներ ստացաւ նաեւ Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորէն, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն, Աւստրիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վան Պելենէն, Փարակուէյի նախագահ Մարիօ Ապտոյէն եւ Պենինի նախագահ Փաթրիս Թալոնէն:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 111.905-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1909 Պարագաներ

Յաջորդը

Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութիւններու Պատուիրակութիւնը Եւ ՀՅԴ ԶՈՄ-ն ու ԼԵՄ-ը Փաշինեանի Հրաժարականը Պահանջող Յուշագիրներ Յանձնեցին Հայաստանի Դեսպանատան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.