Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն
Թիւը Հասաւ 110.037-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին
Արձանագրուած Են 2084 Պարագաներ
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 110.037-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 2084 նոր վարակուածներ:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի հերքեց այն լուրը, որ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի հետ հանդիպելէ ետք համաձայնութիւն գոյացուցած են երկիրը փակելու որոշումը մինչեւ դեկտեմբերի կէս երկարաձգել` փակելով նաեւ Պէյրութի միջազգային օդակայանը:
Պէտք է աւելցնել, որ Հասան երէկ անձնական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարունի հետ ստորագրեց համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ հիւանդանոցներուն նիւթական յաւելեալ յատկացում պիտի տրուի` «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդները ընդունելու պարագային:
Հասան շեշտեց, որ այդ գումարները անձնական հիւանդանոցներուն պիտի տրամադրուին Միջազգային դրամատան կողմէ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարի նպատակով յատկացուած գումարէն:



