Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատի Մէջ. Աքըր Իրաքի Պաշտպանութեան Նախարարին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

November 18, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ մեկնեցաւ Իրաք, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարար Ժումաա Անատ Սաատունի հետ:

Պաշտօնական դիմաւորումէն ետք Աքըր Սաատունի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական զարգացումներն ու Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ զինուորական եւ ապահովական գործակցութեան համաձայնագիրին ու անոր վաւերացման վերջին մանրամասնութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Աքըր յայտնեց, որ այդ համաձայնագիրին քննարկումը կը կատարուի` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային անիկա պատրաստ կ՛ըլլայ վաւերացման: Ան աւելցուց նաեւ, որ զինուորական ու ապահովական մարզերուն պարագային Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ գործակցութեան համաձայնագիրին կողքին, կայ նաեւ գաղտնի սպասարկութեան մարզին վերաբերող լիբանանեան-իրաքեան գործակցութեան համաձայնագիր մը:

Աքըր անդրադարձաւ նաեւ Իրաքի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած օժանդակութիւններուն` Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք:

Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապալի իրավիճակը, «Քորոնա»-ի համաճարակն ու անոր ունեցած հետեւանքները:

Աքըր շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի կառավարութեան եւ ժողովուրդին, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին զօրակցելու համար Լիբանանին, յատկապէս` նաւահանգիստի պայթումէն ետք: «Անոնք առաջիններէն էին, որ մարդասիրական օժանդակութիւններով, սննդեղէնով ու վառելանիւթով աջակցեցան լիբանանցի ժողովուրդին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Սաատուն շեշտեց, որ Իրաք պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին` բոլոր մարզերուն, յատկապէս զինուորական եւ նաւթային մարզերուն պարագային: «Իրաք միշտ Լիբանանին ծառայելու պատրաստ է», ըսաւ ան` մաղթելով, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւնը անյապաղ կազմուի, եւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրները ամբողջանան:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Իրաւական Հաշուեքննութեան Հոլովոյթը Արգելակող Բոլոր Պատճառաբանութիւնները Պիտի Վերացնենք»

Յաջորդը

Շեշտելով, Որ Արցախի Պատերազմը Տակաւին Չէ Աւարտած. «Հայ Ժողովուրդի Արժանապատուութիւնը Ծախուեցաւ» Ընդգծեց Յակոբ Խաչերեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.