Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախկին նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած սառած իրավիճակը մահացու է, իսկ դանդաղութիւնը կը սպաննէ երկիրը:
Ան նկատել տուաւ, որ երկրին քաղաքական շրջանակները կը սպաննեն քաղաքական կեանքը` աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին ժողովրդավար երկիրներուն մէջ պատասխանատու են ընտրողները:
Ուեհպէ հաստատեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի միակ թշնամին է` աւելցնելով, որ արաբական երկիրները չեն կրնար Լիբանանի իւրայատկութիւնը նկատի չունենալ: «Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալն ու անտեսումը երկու սխալներ են, որոնք գործուած են Լիբանանի դէմ` արաբական կարգ մը երկիրներու կողմէ», ըսաւ ան:
Ուեհպէ շեշտեց, որ անոնք աւելի ըմբռնողական մօտեցում պէտք է ցուցաբերեն Լիբանանի նկատմամբ, յատկապէս գնահատելով Հըզպալլայի զոհողութիւնները` Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանները պաշտպանելու եւ ահաբեկչութիւնը զգետնելու առումով:
Ուեհպէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա զինք չէ համոզած Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն մասին ներկայացուցած դրդապատճառներով:
Ան շեշտեց, որ Շիա ոչ մէկ փաստաթուղթ ներկայացուցած է այդ իմաստով եւ խոստացած է ամերիկեան վարչակազմէն խնդրել փտածութեան փաստաթուղթերը լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն ուղարկել:
Միւս կողմէ, Շիա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն Լիբանանի փրկութեան համար ոչ մէկ ծրագիր պիտի մշակէ կամ օժանդակութիւն ներկայացնէ` առանց Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու իրագործման:



