Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ Շիայի Հետ Քննարկեց Միացեալ Նահանգներ Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները

November 25, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան միացեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանի անկախութեան 77-ամեակին առիթով ապահովութեան ուժերուն ուղղած իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ այս տարի Անկախութեան տօնը կը զուգադիպի Մեծն Լիբանանի 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող տագնապալի ժամանակաշրջանի մը, որ մտահոգութիւն եւ անորոշութիւն կը ներշնչէ քաղաքացիներուն:

«Սակայն հակառակ այս իրավիճակին, հայեացքները կ՛ուղղուին դէպի ապահովական կառոյցները, որոնք անկախութեան խորհրդանիշներն են եւ որոնք կ՛երաշխաւորեն երկրին խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ արտակարգ այս իրավիճակէն դուրս գալ եւ հասնիլ արդի ու բարգաւաճ պետութեան:

Հետեւաբար ձեզմէ կը պահանջուի ձեր խոստումին եւ ուխտին տէր կանգնիլ` զոհուիլ ու ծառայել: Զոհուիլ` ի խնդիր հայրենիքին եւ ծառայել` ժողովուրդին, առանց ոչ մէկ բան զլանալու, որպէսզի լիբանանցիներուն յոյսը շարունակէ մեծ մնալ ձեր վրայ, եւ կարենաք հսկել լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ դէմ դնել երկրին սպառնացող մարտահրաւէրներուն», յայտնեց ան:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր ապահովական կառոյցներուն եւ ուժերուն` կոչ ուղղելով բոլոր զինուորականներուն մնալու կազմ ու պատրաստ` ամէն դժուարութիւն դիմագրաւելու:

Նախորդը

Տարածաշրջանային Առցանց Ժողովներէն Ետք Կը Նախատեսուի Յայտարարել Խմբագիրներու Միացեալ Հարթակը

Յաջորդը

Խալաֆ. «Կ՛ուզենք Լիբանանեան Պետութիւնը Վերահաստատել` Վերականգնելով Երկրին Իշխանութիւնը»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.