Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Գուժեց Էլիաս Ռահպանիի Կորուստը

Յունուար 5, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ գուժեց մահը լիբանանցի մեծ արուեստագէտ Էլիաս Ռահպանիին, վերջինը` Ռահպանի ընտանիքի տիտաններուն, որոնք Ասի եւ Մանսուր եղբայրներուն հետ գրեցին ու երանգաւորեցին պատմութիւնը` դառնալով հիմնաքարը Լիբանանի փառապանծ արուեստի հենքին` իբրեւ երաժշտութիւն, շքեղութիւն եւ հրապոյր:

Նախագահ Աուն հետեւեալ զգացական տողերով բնորոշեց հանգուցեալ արուեստագէտը.

«Հանգուցեալ  արուեստագէտ բարեկամը հմուտ իրազեկ էր երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան: Ան յաջողեցաւ ներդաշնակել արեւելեան ոգին ու արեւմտեան արուեստի հնարքները` ստեղծագործելով միաժամանակ երկուքը: Արեւելքը պատուեց զինք ու արեւմուտքը յատկանշեց անոր լեզուական ներհուն հմտութիւնները` զայն պարուրելով մրցանակներով ու պարծենալով տուչութեան անսահման գանձով»:

«Այսօր ան չհեռացաւ մեզմէ, այլ` Լիբանանի հողակոյտէն անցաւ ողջագուրելու այն հայրենիքը, զոր ան կը նկատէր սոսկ գեղեցկութեան եւ իրաւունքի հայրենիք ու զայն երանգաւորեց եւ երգեց իբրեւ երազ ու տուփերու մէջ թաքնուած նուէր»:

«Մեծ հանգուցեալին երաժշտութիւնն ու երգերը պիտի մնան այն անխօս վկաները, թէ իսկական արուեստն է, որ կը յաղթահարէ մահը, ինչպէս որ կը կրկնէր ան յաճախակիօրէն»:

«Վանայ Ձայն» Կը Ցաւակցի

Այս առիթով «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի ընտանիքն ու տնօրէնութիւնը ջերմ ցաւակցութիւն յայտնեցին լիբանանցիներուն եւ արուեստագէտներուն, յատկապէս հմուտ ստեղծագործ երաժիշտ եւ երգարուեստի աստղերու հմուտ յայտնագործող, Ռահպանի ընտանիքի մեծ սիւներէն Էլիաս Ռահպանիի ընտանիքին: «Էլիաս Ռահպանիի մեկնումով կը մեկնի նաեւ ցնծութեան նազանքը ու եզակի երաժշտութեան նրբագեղ երանգը: Հանգիստ ու խաղաղութիւն անոր հոգւոյն եւ երկարակեցութիւն ու առողջութիւն անոր ընտանիքի անդամներուն», նշուեցաւ «Վանայ ձայն»-ի ցաւակցագիրին մէջ:

Նախորդը

Համայնքի Մը Ինքնաօժանդակութեան Պատմութիւնը

Յաջորդը

Քաղաքական Եռուզեռի Բացակայութեան Պատասխանատուներու Ջանքերը Կեդրոնացան Ապրուստի Եւ Կենցաղային Հրատապ Հարցերու Հարթումի Քայլերուն Վրայ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?