Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն, Վարչապետ Հարիրի Եւ Այլ Անձնաւորութիւններ Կը Շնորհաւորեն Հայկական Ս. Ծնունդը

January 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Ս. Ծնունդին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ` անոր յայտնելով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, յատկապէս` լիբանանահայութեան:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, իր կարգին բարին մաղթելով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` յոյս յայտնելով, որ երկիրը իր դիմագրաւած դժուար պայմաններէն դուրս գայ:

Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շնորհաւորեց լիբանանահայութիւնը: Ան գրեց հետեւեալը. «Լաւագոյն բարեմաղթութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին` հայկական Ս. Ծնունդին առիթով: Աստուած լիբանանցիներուն եւ յատկապէս լիբանանահայութեան աւելի լաւ պայմաններ ու բարօրութիւն պարգեւէ»:

Նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ լիբանանահայութիւնը շնորհաւորեց: «Ջերմագին շնորհաւորութիւններս լիբանանահայութեան` մաղթելով, որ Աստուած լիբանանցիներուն եւ հայ համայնքին բարիք, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն շնորհէ», մաղթեց Սալամ:

Նախկին երեսփոխան Հիւսէյն Եթիմ Դիմատետրի իր էջին մէջ կատարեց հետեւեալ գրառումը.

«Ամէն տարի 6 յունուարին Լիբանանի հայ համայնքին եւ Հայաստանի հայութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ գտնուող իւրաքանչիւր հայու համար ողջոյնի խօսքեր կը հնչեն` հայկական Ս. Ծնունդին առիթով:

Հայ մարդը Լիբանան եւ արաբական աշխարհ հասաւ գաղթական վիճակի մէջ` իբրեւ հետեւանք հայ ժողովուրդին դէմ օսմանեան Թուրքիոյ եւ ապա թուրանական-աթաթուրքական Թուրքիոյ սուլթաններուն եւ արիւնարբու հրէշներուն գործած ահաւոր ջարդերուն:

Այդ գաղթականները ընտելացան եւ վերածուեցան սովորական քաղաքացիներու` արաբական աշխարհին մէջ դառնալով արժանապատիւ հիւրեր:

Իսկ ժողովրդավար Լիբանանի մէջ անոնք գտան իրենց կորսնցուցած ազատութիւնը, արտայայտուելու ապահով միջավայր, բեղուն աշխատանքի ընդարձակ տարածք, ինչպէս նաեւ իրենց քաղաքակրթական ներուժը դրսեւորելու բերրի հող:

Մշակոյթով, լեզուով, քաղաքական վարչակարգով եւ ընկերային կենցաղով արաբ ժողովուրդներուն եւ յատկապէս լիբանանցիներուն մէջ ընտելացած հայերը անմասնատելի բաժինը դարձան այս նոր աշխարհին: Անոնք սակայն իրենց հայրենիքին` Հայաստանին, հայոց պատմութեան, հայկական աւանդներուն եւ քաղաքակրթութեան հետ պահեցին իրենց անքակտելի կապը:

Իսկ Լիբանանի մէջ, որ իրենց հայրենիքին վերածուեցաւ, անոնք դարձան երկրին ազգային-քաղաքակրթական դիմագիծը` գործով եւ նուիրումով:

Այսօրուան այս առիթը մեզի կը մղէ յարգանքով եւ սիրով ողջունել Լիբանանի ու ամբողջ աշխարհի հայութիւնը»:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին  հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ եւ շնորհաւորեց զայն Ս. Ծնունդի առիթով:

Ժահժահ մաղթեց, որ Նոր տարին ըլլայ առիթ մը աւելի լաւ պայմաններ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ ըլլայ նախաձեռնութիւն մը` Լիբանանը դուրս բերելու իր տագնապէն:

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Եկանք Շնորհաւորելու Ռայի Պատրիարքը Եւ Կը Յուսամ, Որ Մեր Հանդիպումը Ըլլայ Արդիւնաւէտ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Խօսելով Նախարար Այվազեանի Արցախ Այցելութեան Մասին` Ալիեւ. «Այսպիսի Ուղեւորութիւններուն Պէտք Է Վերջ Տրուի, Այլապէս…»

RelatedPosts

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը`  Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու  Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»
Լիբանանեան

Պարրօ. «Ստեղծել Միջազգային Նոր Կառոյց Մը` Լիբանանի Գերիշխանութեան Սատարելու Եւ Բանակի Տեղակայման Նպաստելու Համար»

October 19, 2026
Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ»  Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում
Լիբանանեան

Պաղտատի Մէջ Ռաժժի-Արաղչի «Երկարատեւ» Հանդիպում Եւ «Անկեղծ» Քննարկում

October 19, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.