Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Եռուզեռի Բացակայութեան Պատասխանատուներու Ջանքերը Կեդրոնացան Ապրուստի Եւ Կենցաղային Հրատապ Հարցերու Հարթումի Քայլերուն Վրայ

January 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական արձակուրդի օրերը անուղղակի «հրահանգ»-ի ոճով տեղքայլի մատնած էին երկրի պետական, քաղաքական ու պաշտօնական քայլերու եւ որոշումներու իրագործումը: Այսուհանդերձ, ապրուստի ու կենցաղային հրատապ հարցերը ինքնակոչ ձեւով իրենք զիրենք պարտադրեցին` իրենց վրայ կեդրոնացնելով պատկան կողմերու ուշադրութիւնն ու հոգածութիւնը: Այս իմաստով ո՛չ միայն երկրի, այլեւ տիեզերքի ամէնէն հրատապ հարցը նկատուող` «Քորոնա» ժահրի համավարակի մահասփիւռ աւերի լոյսին տակ նախարարական պատկան յանձնախումբը դիմեց վճռական կեցուածքի: Արդարեւ, «Քորոնա»-ի յատուկ նախարարական յանձնախումբին որոշումով, երկիրը ամբողջութեամբ պիտի փակուի հինգշաբթի, 7 յունուարէն մինչեւ երկուշաբթի, 1 փետրուար 2021: Հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի նախագահութեամբ գումարուած այս ժողովին որոշուեցաւ նաեւ երթեւեկը արգիլել երեկոյեան ժամը 6:00 մինչեւ յաջորդ օր առաւօտեան ժամը 5:00:

Փակումի որոշումէն զերծ կը մնան գործարանները, տպարանները, նախարարութիւնները, դրամատուները, պետական գրասենեակները, ինչպէս նաեւ` փուռերը, դեղարանները, Կարմիր խաչի կեդրոնները եւ առողջապահական, զինուորական ու մամուլի մարզերը:

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ յայտարարեց, որ փակումի ընթացքին պիտի կիրարկուի ինքնաշարժներու երթեւեկի զոյգ (երեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը) եւ անզոյգ (երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը) թիւերու շրջագայութեան դրութիւնը: Իսկ կիրակի օրերը ինքնաշարժով երթեւեկը արգիլուած է, բացի արտօնեալ մարզերէն:

Նշենք, որ վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրին պատճառով Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան 13 մահեր եւ 2861 վարակումի պարագաներ:

Միւս կողմէ, Վարակիչ հիւանդութեանց մասնագէտներու միջազգային միութեան նախագահ Իրինա Չեսթաքովայի կարծիքով` «Քորոնա»-ի սպառնալիքը վերջ պիտի գտնէ 2022-ի կէսերուն եւ անոր վտանգը պիտի դառնայ աննշան:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Գուժեց Էլիաս Ռահպանիի Կորուստը

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Հաստատեց Լիբանանցիին Արժանապատուութիւնը Պահպանելու Եւ Յոյսին Կառչած Մնալու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.