Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպասելով Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու Վերաշխուժացման` Գերիշխանութեան Վերամրապնդումն Ու Ապրուստի Խոչընդոտներու Հարթումը` Խորհրդակցութեանց Առանցքային Նիւթ

Յունուար 4, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական եւ շաբաթավերջի արձակուրդին երկրի ղեկավարներու խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին գերիշխանութեան վերամրապնդումն ու ապրուստի դէմ ցցուող խոչընդոտներու հարթումի կարելիութիւնները:

Այս իմաստով հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց Լիբանանի գերիշխանութեան գծով իր վճռական կեցուածքը: «Չկայ գործընկեր լիբանանցիներուն` իրենց հայրենիքի անկախութեան ու հողային թէ սահմանային  գերիշխանութեան պահպանման եւ ինքնորոշման ազատութեան գծով», ընդգծեց նախագահ Աուն` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով:

Նախագահին այս կեցուածքը անուղղակի պատասխան էր Իրանի օդուժի բարձրաստիճան մէկ զինուորականին կատարած յայտարարութեան, ուր ան պաղեստինեան Կազան եւ Լիբանանը նկատեց (իսրայէլեան) թշնամիին դէմ պայքարելու առաջնագիծ ճակատ: Իրանցի բարձրաստիճան զինուորականներէն Յեղափոխական պահակագունդի Երուսաղէմի ջոկատի ղեկավար Քասեմ Սիւլէյմանիի եւ անոր ընկերակիցներու սպանութեան առաջին տարելիցին առիթով  պարսկերէն լեզուով կատարուած այս յայտարարութեան սկզբնական թարգմանութիւնը որոշ թիւրիմացութիւն ստեղծեց լիբանանեան կարգ մը շրջանակներու մօտ եւ ընկերային ցանցերու մէջ պարզուած ինքնակոչ ու «համեմուած» մեկնաբանութիւններով բանավէճի դուռ բացաւ:

Նոյն ծիրին մէջ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւս հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձաւ նշեալ յայտարարութեան` ընդգծելով, որ «Լիբանանին ցուցաբերուող որեւէ  զօրակցութիւն պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ անոր գերիշխանութեան զիջումով»:

Նասրալլա. «Յայտարարութիւնը Խեղաթիւրուած Է»

Նմանապէս, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ նոյն առիթով  արտասանած իր պատկերասփռուած խօսքին մէջ, ի միջի այլոց անդրադարձաւ նշեալ յայտարարութեան ստեղծած բանավէճին` նշելով, որ «իրանցի ղեկավարին յայտարարութիւնը խեղաթիւրուած է»: Նասրալլա ընդգծեց, որ նման ահաբեկումներ չեն կրնար յուսալքել «դիմադրութեան հետեւորդները»: Ան դիտել տուաւ, թէ Իսրայէլ եւ Միացեալ նահանգներ խիստ մտահոգ եւ զգուշ են Սիւլէյմանիի սպանութեան գծով իրանեան հակադարձութենէն: Նասրալլա նաեւ յայտնեց, որ Լիբանանի գծով իրանեան զօրակցութիւնը եղած է առանց նախապայմանի եւ աւելին` անիկա կատարուած է ի նպաստ Լիբանանի հողային պաշտպանութեան: «Եթէ յոյս կայ, որ Լիբանան դրամ ունենայ, ապա ատիկա պիտի գայ նաւթի եւ կազի ճամբով, ու եթէ առիթը տրուի իրագործելու զայն` ապա ատիկա պիտի իրականանայ Դիմադրութեան օրհնութեամբ (պէրէքէ) եւ Իրանի կողմէ Դիմադրութեան տրամադրուած հրթիռներով», շեշտեց Նասրալլա:

Հայր Քամիլ Մպարաք. «Պոյքոթի Ենթարկել Թուրքիան»

Դարձեալ Լիբանանի գերիշխանութեան ծիրին մէջ, հայր Քամիլ Մպարաք երէկ կոչ ուղղեց պոյքոթի ենթարկելու Թուրքիան ու անոր արտադրութիւնները եւ խուսափիլ Թուրքիա ճամբորդելէ: «Թուրքիան մեր շրջանին իշխեց 400 տարի եւ եթէ կարենար մեզ մորթազերծ ընել` ոչ չէր ըսեր», ընդգծեց հայր Մպարաք պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ հարց տրուած էր անոր` ընտրելու Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ ու ան նախընտրած էր Իրանը:

Նաեւ` Քաղաքական Կայունութիւնը

Երկրի քաղաքական կայունութիւնը նոյնպէս քննարկումի առանցքային նիւթ էր շաբաթավերջին: Արդարեւ, հոգեւոր եւ քաղաքական ղեկավարներ իրենց կիրակնօրեայ քարոզին թէ տօնական բարեմաղթութիւններուն ընդմէջէն անհրաժեշտ նկատեցին երկրի քաղաքական կայունութեան վերահաստատումը, ուր առաջնակարգ օրակարգ է կառավարութեան կազմութեան հարցը: Այս գծով մարոնիներու Ռայի պատրիարքն ու Պէյրութի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս շեշտեցին սերտ ճիգերու փութացումը կառավարութեան կազմութեան գծով: Հռոմի պապին յայտարարած «Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան» առիթով Ռայի պատրիարքը կառավարութեան կազմութեան նախապայման նկատեց նախագահ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումի կայացումը: Այս իմաստով իմացուեցաւ, թէ Սաատ Հարիրի Պէյրութ կը վերադառնայ յառաջիկայ 24 ժամերուն:

Իսկ Պքերքէի նախաձեռնութեան գծով նախկին նախարար Սըժաան Քազզի երէկ վերահաստատեց, որ անիկա անջատ քայլ մը չէ, այլ կը միտի համակարգել այս գծով տարուող դրական քայլերը:

Նոյն գծով կը նախատեսուի, որ հինգշաբթի Լիբանան այցելէ ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որ երկրի պատկան կողմերուն հետ պիտի քննէ Լիբանանի քաղաքական թէ տնտեսական զօրակցութեան գործնական քայլերը:

Նաեւ` Առողջապահական Առումով

«Քորոնա» ժահրի համավարակի գործած մահասփիւռ աւերները աննկատ չմնացին երկրի վարիչներուն ուշադրութենէն: Այս գծով կը նախատեսուի, որ այսօր` երկուշաբթի, 4 յունուարին նախարարական պատկան յանձնախումբը ժողով գումարէ` գլխաւորութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի, եւ որոշէ երկիրը երեք շաբաթով ամբողջութեամբ փակել: Նմանապէս, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան որոշեց մէկ շաբաթով փակել բոլոր մանկամսուրները: Նոյնպէս` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ, կանխելով նախարարական յանձնախումբի որոշումը, յայտարարեց, որ 7 եւ 8 յունուարին դասընթացքը պիտի կատարուի միայն հեռակայ առցանց դրութեամբ:

Միաժամանակ, կանխարգիլման միջոցառումներու գործադրութեան գծով խստապահանջ կեցուածք պիտի կիրարկուի եւ տուգանքներ պիտի ճշդուին: Իսկ ըստ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի` յառաջիկայ օրերուն «Փի.Սի.Ար.»-ի յաւելեալ քննութիւններ պիտի կատարուին լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ը 2020-ին` Չնախատեսուած Մարտահրաւէրներ Ու Ցնցումներ Դիմագրաւելու Հրամայականի Ընդառաջ

Յաջորդը

Երկրի Փակման Դէմ Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնի Պատրուակին Գծով. Բագրատունի. «Մարդոց Կեանքը Շատ Աւելի Կարեւոր Է, Քան Տօնական Հանդիսութիւնները»

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?