Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք տակաւին կը գտնուին ազատ, անկախ, արժանապատիւ եւ բարօր կեանքի ձգտող արաբական ժողովուրդներու շարքին:
«Մենք մեծ խոչընդոտներու դիմաց կը գտնուինք բռնատիրական վարչակարգերու մնայուն գոյութեան պատճառով: Այդ վարչակարգերը չեն փափաքիր իրենց խոստումները կատարել, իսկ այս բոլորին կողքին կը գտնուի Իրաքի, Սուրիոյ եւ նոյնիսկ Լիբանանի մէջ տիրող սիւննի-շիի սադրանքը», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ միակ լուծումը պիտի ըլլայ համայնքային դրութեան փոփոխութիւնը: «Քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին մեր դերակատարութիւնն էր պաշտպանել տիւրզի համայնքին գոյութիւնը` օրին տիրող դժուարութիւններէն եւ վտանգներէն: Այսօր ես, ինչպէս բոլոր լիբանանցիները, կը փորձեմ լուծումներ գտնել, սակայն ամէն ինչ փակ է մեր դիմաց: Մենք ազատ պետութեան մէջ չենք ապրիր, այլ` Իրանի զօրակցութիւնը վայելող Հըզպալլայի գերիշխանութեան տակ կը գտնուինք», հաստատեց ան: