Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Նշանակումին Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումին Մասին Նամակ Մը Յղեց Խորհրդարանին

Մայիս 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի միջոցով նամակ մը յղեց խորհրդարանին` նշելով, որ Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումէն վեցուկէս ամիս ետք տակաւին կարելի չէ եղած կառավարութիւն մը կազմել:

Նախագահ Աուն նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան յապաղումը իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին քաղաքական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային, տնտեսական, առողջապահական, ելեւմտական եւ ծառայողական ապահովութեան վրայ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կարելի չէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան կեանքը աւելի երկարաձգել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանանի ակնկալած նոր կառավարութիւնը փրկութեան կառավարութիւն է, որ երկիրը զինք խեղդող ելեւմտական-տնտեսական տագնապէն պիտի փրկէ:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ կառավարութեան կազմութիւնը սահմանադրական պարտականութիւն է, եւ հանրապետութեան նախագահը` իբրեւ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան պատասխանատու, կը հսկէ, որ սահմանադրական սխալներ եւ բացթողումներ չարձանագրուին:

Ան շեշտեց, որ նշանակեալ վարչապետը փաստած է, թէ ինք անկարող է փրկութեան կառավարութիւն կազմել, բայց եւ այնպէս ան կառավարութեան կազմութեան իրաւունքը պատանդ կը պահէ իր ձեռքին մէջ, ինչպէս նաեւ երկրին իշխանութիւնն ու ժողովուրդը կը գերեվարէ` զանոնք առաջնորդելով դէպի անդունդ:

Նախագահ Աուն խորհրդարանէն պահանջեց իր նամակը կարդալ լիագումար նիստի մը ընթացքին եւ համապատասխան որոշումներ կայացնել:

Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ նախագահ Աունի կողմէ խորհրդարանին յղուած նամակին նպատակն է շարունակել ճշմարտութեան նենգափոխումը եւ առաջ անցնելով փորձել ծածկել դիւանագիտական ու ցեղապաշտական այն գայթակղութիւնը, որ գործուեցաւ ներկայ իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարին կողմէ` Արաբական ծոցի մեր եղբայրներուն դէմ:

Հարիրի հաստատեց, որ իր յայտարարութիւնները պիտի շարունակուին խորհրդարանին մէջ:

Փութինէն Նամակ` Նախագահ Աունի

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն առաւօտեան ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը` ներկայութեամբ ռուսական հարցերու իր խորհրդատու Ամալ Ապու Զէյտի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Ռուտաքով նախագահ Աունին յանձնեց նամակ մը, որ յղուած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ:

Նամակին մէջ Փութին շեշտեց, որ Ռուսիա նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին եւ կը զօրակցի անոր` տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ պատրաստակամ է տարբեր ոլորտներու մէջ եւս աջակցելու Լիբանանին:

Ռուտաքով յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին հաստատուած է, որ Մոսկուա կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կարելի ըլլայ կազմել` աւելցնելով, որ Ռուսիա տարբեր մարզերու մէջ պատրաստ է գործակցելու Լիբանանի Հանրապետութեան հետ, ներառեալ` տնտեսական, առողջապահական, կրթական եւ այլ մարզեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժարը, որուն հետ նախագահ Աուն քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատճառած աւերն ու քանդումը նաւահանգիստէն փոխադրելու թղթածրարն ու Միջազգային դրամատան կողմէ Լիբանանին տրամադրուելիք 295 միլիոն տոլար վարկին մէկ բաժինը տրամադրելու հարցը` վերանորոգելու եւ լուսաւորելու համար Լիբանանի միջազգային փողոցները:

Նախագահ Աունի այցելեց երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակն ու կառավարութեան պարզած իրավիճակը:

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց ՔԱՀԼ-ի Հայ Տարեցներու Տուն

Յաջորդը

Ուեհպէի Գայթակղեցուցիչ Յայտարարութիւնները Լարուածութիւն Կը Ստեղծեն Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ծոցի Երկիրներուն Յարաբերութիւններուն Մէջ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?