Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուեհպէ Խնդրեց Զինք Պաշտօնազրկել. Զէյնա Աքըր Նշանակուեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարի Գործակատար

Մայիս 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէն, որմէ ստացաւ զինք պաշտօնազրկելու խնդրագիր մը:

Հանդիպումէն ետք Ուեհպէ յայտնեց, որ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած իր յայտարարութիւններուն լոյսին տակ եւ առ ի յանձնառութիւն, որ այդ յայտարարութիւնները չշահագործուին Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ, այցելած է հանրապետութեան նախագահին եւ անոր ներկայացուցած արտաքին գործոց նախարարի իր պատասխանատուութենէն պաշտօնանկ ըլլալու խնդրագիր մը:

Նախագահ Աուն ընդունեց Ուեհպէի խնդրագիրը եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրը նշանակեց արտաքին գործոց նախարարի գործակատար:

Նշենք, որ Ուեհպէ այցելեց նաեւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, որմէ դարձեալ խնդրեց զինք արտաքին գործոց նախարարի իր պատասխանատուութիւններէն զերծ կացուցել:

Միւս կողմէ, տեղեկատուական աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Պաապտայի պալատին մէջ այսօր տեղի ունենալիք ապահովական նիստը յետաձգուած է:

Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Զօրակցական Այցելութիւններ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին զօրակցական այցելութիւններ ընդունեց լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւոր հեղինակութիւններու կողմէ, որոնք դատապարտեցին Ուեհպէի յայտարարութիւնները:

Պուխարիի այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, որ դատապարտեց Ուեհպէի յայտարարութիւնները եւ զօրակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին, որոնք բնաւ չեն լքած Լիբանանը եւ միշտ նեցուկ կանգնած են անոր:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հասցէին արձանագրուած այդ վարկաբեկիչ արտայայտութիւնները վարկաբեկիչ են նաեւ լիբանանցիներուն համար` աւելցնելով, որ Տար Ֆաթուա եւ Պուխարի մնայուն գործակցութեան մէջ են լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի այցելեցին Պուխարիի եւ ներում հայցեցին անկէ` հաստատելով, որ Լիբանան եւ լիբանանցիք Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հանդէպ բարի զգացումներ կը տածեն:

Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին այցելուներէն եղան նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ամին Ժեմայէլ եւ զօր. Միշել Սլէյման, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի, երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք, Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ, նախկին նախարար Մարուան Շարպել եւ մեծ թիւով այլ անձնաւորութիւններ:

Երեկոյեան լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Պուխարի յայտնեց, որ բոլորը պէտք է ապահով զգան, որովհետեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող ու գործող լիբանանցիները երկրէն վտարելու մասին լուրերը անճիշդ են:

Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա կառուցուած է մարդկային հիմքերու վրայ` աւելցնելով, որ երբ ինք Սէուտական Արաբիա մեկնած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուելու, տեսած է, որ իրմէ առաջ հոն եկած են լիբանանցի ընտանիքներ` նոյն նպատակով: «Մեծ էր ուրախութիւնս, երբ վկայեցի, թէ երկիրս պատուաստ հայթայթելու իմաստով իր եւ օտար քաղաքացիներուն միջեւ խտրութիւն չի դներ», ըսաւ ան:

Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ միջազգային ընտանիքը յարգանք կը տածէ, որովհետեւ ան գաղտնի ու բացայայտ կերպով քաղաքական նոյն կեցուածքներն է, որ կը յայտնէ: «Այս ճշմարտութիւնը կը մղէ, որ Սէուտական Արաբիոյ հակառակորդները անոր դաշնակիցներէն առաջ յարգեն զայն», հաստատեց Պուխարի:

Դեսպանը ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնները լիբանանցիներուն կեցուածքները չեն ներկայացներ, «իսկ այսօրուան զօրակցութիւնը կը փաստէ այդ մէկը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախանցեալ երեկոյեան Շարպել Ուեհպէէն ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ ան ներում հայցած է հարցազրոյցին ընթացքին իր ունեցած արտայայտութիւններուն համար:

Նախորդը

Խորհրդարանին Մէջ Վաղը Կը Կարդացուի Հանրապետութեան Նախագահին Նամակը

Յաջորդը

Պաքու. «Ազրպէյճանը Վերադարձուցած Է Պատերազմական Գերիներու Կարգավիճակ Ունեցող Բոլոր Հայերը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?