Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումի Ընթացիկ Նիստը Կը Մերժէ Կառավարութեան Կազմութեան Իրաւունքը Պատանդ Պահել

May 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ պաղեստինցիներուն զօրակցելու եւ իսրայէլեան պատերազմին դէմ անոնց մղած գոյապայքարին նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը:

Հզօր Լիբանան համախմբումը ընդգծեց ինքնուրոյն պետութիւն մը կերտելու պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւն ունենալու կարեւորութիւնը:

Համախմբումը հաստատեց, որ պաղեստինեան հողերուն վրայ պաղեստինեան դիմադրութեան իր զօրակցութեան զուգահեռ, կը մերժէ Լիբանանի օգտագործումը` Իսրայէլի դէմ զինուորական գործողութիւններ կատարելու համար, եթէ այդ գործողութիւնները Լիբանանի եւ անոր գերագոյն շահերուն պաշտպանութեան չեն վերաբերիր: «Պէտք չէ թշնամի Իսրայէլին պատճառաբանութիւն տալ Լիբանանը ռմբակոծելու», նշեց համախմբումին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը հաստատեց նաեւ, որ իրենք կը զօրակցին եւ կառչած կը մնան Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն համագործակցութեան խորհուրդին միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ կը մերժեն քաղաքական կարգ մը ուժերու կողմէ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապի մը պատկերացումը` քաղաքական շահագործումի նպատակով:

Միւս կողմէ, համախմբումը կոչ ուղղեց պատասխանատուութեամբ վարուելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ խորհրդարանին յղուած նամակին հետ:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ այդ նամակը առիթ մըն է վճռական գտնուելու` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ճշդելու կամ նշանակեալ վարչապետին ժամկէտ մը ճշդելու` հիմնուելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կողմէ ներկայացուած սահմանադրութեան փոփոխութեան առաջարկին վրայ:

Համախմբումը հաստատեց, որ խիստ մերժելի է կառավարութիւնը կազմելու իրաւունքը պատանդ վերցնելով լիբանանցիներուն ապագան գերեվարել:

Համախմբումը կոչ ուղղեց նաեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աւելի աշխուժացնելու իր աշխատանքները` յատկապէս լիբանանցիներուն տրուած նպաստը հասցէագրելու եւ մսխումը կասեցնելու առումով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրեց Լեւոն Թաշճեանը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.