Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուեհպէի Գայթակղեցուցիչ Յայտարարութիւնները Լարուածութիւն Կը Ստեղծեն Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ծոցի Երկիրներուն Յարաբերութիւններուն Մէջ

Մայիս 19, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի կողմէ նախանցեալ երեկոյեան «Հուրրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կատարած մէկ յայտարարութիւնը ստեղծեց հսկայական գայթակղութիւն մը, որ լարուածութիւն ստեղծեց Լիբանանի հետ Արաբական ծոցի երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն մէջ:

«Սիրոյ, բարեկամութեան եւ եղբայրութեան երկիրները ստեղծեցին ՏԱՀԵՇ-ը եւ պատճառ դարձան, որ այդ խմբաւորումը յայտնուի Նինուէի, Անպարի եւ Թըտմորի մէջ», ըսաւ Շարպել:

Այս արտայայտութիւնը յառաջացուց դատապարտումի հսկայական ալիք մը:

Ուեհպէ աւելի ուշ փորձեց մեղմել իր յայտարարութիւնը` յայտնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ ամրապնդելու` աւելցնելով, որ իր յայտարարութիւնը սխալ կերպով մեկնաբանուած է:

Ան վերահաստատեց, որ Լիբանան կը փափաքի լաւագոյն յարաբերութիւնները պահպանել արաբական երկիրներուն հետ, եւ կոչ ուղղեց պղտոր ջուրին մէջ որսացողներուն վերջ տալու Լիբանանի եւ անոր եղբայր երկիրներուն միջեւ իրենց նախապատրաստած սադրանքներուն:

Սակայն հակառակ Ուեհպէի կողմէ կատարուած այս յայտարարութիւններուն, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Ուեհպէի յայտարարութիւնները, որոնք նախատական էին Սէուտական Արաբիոյ, սէուտցիներուն եւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին նկատմամբ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Ուեհպէի յայտարարութիւնները չեն համապատասխաներ եղբայրական ու պատմական յարաբերութիւններ ունեցող երկիրներուն միջեւ կապերուն:

Այս յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանը` անոր բողոք ներկայացնելու եւ Ուեհպէի յայտարարութիւնները մերժելու առումով:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը լիբանանցի դեսպանին յանձնեց նաեւ բողոքի պաշտօնական նամակ մը:

Իր կարգին, Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդը Ուեհպէի յայտարարութիւնները նկատեց վարկաբեկիչ եւ անկէ պահանջեց պաշտօնապէս ներում հայցել Ծոցի երկիրներէն:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ հրաւիրեց Լիբանանի դեսպանը եւ անոր յանձնեց Ուեհպէի նախատական յայտարարութիւնները մերժող բողոքագիր մը:

Քուէյթի եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնները իրենց կարգին հրաւիրեցին իրենց մօտ գտնուող Լիբանանի դեսպանները եւ անոնց յանձնեցին Ուեհպէի յայտարարութիւնները դատապարտող բողոքագիրներ:

Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ արտաքին գործոց նախարարին արտայայտած միտքը կը ներկայացնէ իր անձնական կեցուածքը` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու կը մնայ մերժելու բոլոր այն յայտարարութիւնները, որոնք կը վնասեն եղբայր երկիրներուն:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան յայտնեց, որ Ուեհպէի կատարած յայտարարութիւնները խստիւ դատապարտելի են ու մերժելի: Ան շեշտեց, որ Ծոցի երկիրները մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած են Լիբանանին` աւելցնելով, որ կարելի չէ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով եղբայրական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանել:

Միւֆթի Տըրիան յայտնեց, որ սխալը ընդունիլը արժանիք է:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ուեհպէի հետ` անոր հարց տալու համար իր կատարած յայտարարութիւններուն մասին:

Տիապ ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ իր բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւնները պահպանելու, առանց անոնց վնաս հասցնելու:

Տիապ կոչ ուղղեց շրջանցելու այս պատահարը եւ պաշտպանելու արաբ եղբայրներուն հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները:

Նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ուեհպէի յայտարարութիւնը Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան խախտում է եւ վնասներ պատճառած է` արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւններուն: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Ուեհպէի յայտարարութիւնները ոչ մէկ ձեւով առնչուած են դիւանագիտական գործին:

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Ուեհպէի յայտարարութիւնը` զայն նկատելով կտրականապէս մերժելի յայտարարութիւն մը, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կը վտանգէ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Ուեհպէն յորջորջեց Հըզպալլայի նախարար եւ ոչ թէ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ, որուն յայտնեց, թէ Ուեհպէի յայտարարութիւնները բնաւ չեն արտայայտեր Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական պատմական յարաբերութիւնները:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան դատապարտեց Ուեհպէի յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ անոնք կը ներկայացնեն Ուեհպէի անձը եւ ոչ թէ Լիբանանի արտաքին քաղաքականութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Վարչապետ Հարիրիի Նշանակումին Եւ Կառավարութեան Կազմութեան Յապաղումին Մասին Նամակ Մը Յղեց Խորհրդարանին

Յաջորդը

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրադրութիւնը Համեմատաբար Հանգիստ Է»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?