Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Կը Շնորհաւորեն Բանակը. Զօր. Աուն. «Դուք Ժողովուրդին Յոյսն Էք»

Օգոստոս 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 76-ամեակին առիթով, բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ձեր երդումը հերոսական է. մարտահրաւէրները չեն կրնար տապալել ձեր կամքը, իսկ տագնապները չեն կրնար քանդել ձեր տրամադրութիւնը: Դուք ժողովուրդին յոյսն էք` այս դժուար պայմաններուն մէջ: Դուք այս երկրին փրկութիւնն էք»:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն այս առիթով արձակած իր «Օրուան հրահանգ»-ին մէջ հաստատեց, որ երկրին դիմագրաւած ահռելի պայմաններուն ընթացքին լիբանանեան բանակը կը մնայ քաղաքացիներուն յոյսը եւ անոնց վստահութիւնը վայելող տարրը:

«Թոյլ մի՛ տաք, որ ապրուստի եւ կենցաղային պայմանները կասկածի տակ առնեն հայրենիքին եւ բանակին հանդէպ ձեր հաւատքն ու նուիրումը: Մենք պիտի փրկենք Լիբանանը, եւ արտօնուած չէ որեւէ պարագայի տակ երկիրը քաոսի մատնել», հաստատեց ան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց բանակը եւ հաստատեց, որ բանակը իսկական երաշխիք է երկրին կայունութեան եւ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան եւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան իրենց կարգին շնորհաւորեցին բանակը` մաղթելով, որ բոլորը կը գործակցին բանակին հետ:

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր շեշտեց, որ բանակը կը մնայ երկրին գերիշխանութեան եւ կայունութեան երաշխիքը:

 

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հովանաւորեց Մինի Ֆութպոլի Մրցաշարքի Աւարտական Խաղը Եւ Պարգեւատրեց Լիբանանեան Բանակի Յաղթական Խումբը

Յաջորդը

«Կ՛աղօթենք, Որ Նախագահ Աունի Եւ Միքաթիի Միջեւ Այսօրուան Հանդիպումը Դրական Արդիւնքով Աւարտի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?