Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Իսրայէլի Դէմ Պիտի Բողոքէ` Անոր Օդուժին Գործած Ոտնձգութիւններուն Պատճառով

Օգոստոս 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ կէսօրին իսրայէլեան լրատուամիջոցներէն հաղորդուեցաւ լուր մը, թէ Լիբանանի Խիամ շրջանէն հրթիռներ հարուածած են իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին ուղղութեամբ:

Իսրայէլի մէջ ստեղծուած իրարանցումին զուգահեռ, Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթ եւ պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց գումարեցին արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին սերտուեցան այդ ռմբակոծումին մանրամասնութիւնները:

Կանց ընդգծեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն խիստ դիտողութիւն մը կատարելու կարեւորութիւնը:

Նիստէն ետք յայտարարուեցաւ, որ հրթիռները արձակուած են պաղեստինեան խմբաւորումներու կողմէ եւ ոչ թէ Հըզպալլայի:

Իբրեւ հակադարձութիւն, իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծեցին այն շրջանները, ուրկէ արձակուած էին Քըրիաթ Շմոնան հարուածած հրթիռները:

Հրթիռակոծումը հրդեհներ պատճառեց Հապպարիէի եւ Շեպաայի շրջաններուն մէջ: Հրդեհները ընդարձակուեցան` հասնելով մինչեւ Շուայայի բարձունքներ:

Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծած է Խիամը, ինչպէս նաեւ այլ ենթակառոյցներ, որոնք «ահաբեկչական» նպատակներու կը ծառայեն:

Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի շարունակեն հարաւային Լիբանանը ռմբակոծել` աւելցնելով, որ այդ ռմբակոծումները կրնան աւելի սաստկանալ:

«Լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է իր հողերէն կատարուող յարձակումներուն», ըսաւ Ատրահի` զգուշացնելով Իսրայէլի գերիշխանութեան եւ անոր քաղաքացիներուն դէմ գործուելիք ոտնձգութիւններէն:

Մինչեւ ուշ գիշեր իսրայէլեան օդուժը ցած մակարդակով թռիչքներ գործեց Մարքապայի, Ատայսէի եւ Քֆարքիլայի վերեւ:

Կէս գիշերին նաեւ իսրայէլեան օդուժը ռմբակոծեց հարաւային Լիբանանի Տիմաշքիէ շրջանը, ինչպէս նաեւ Մահմուտիէ գիւղաքաղաքին մէջ գտնուող հրթիռներու մարտկոցներ, որոնք կը ծառայէին Իսրայէլը ռմբակոծելու:

Լիբանանեան բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան օդուժը 92 հրթիռով ռմբակոծած է լիբանանեան շրջաններ, ինչպէս` Համուլ եւ Սատտանէ հովիտները, Մարիի դաշտերը, Ռաշայա Ֆըխխարը, Խիամն ու Պլաթը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ յետմիջօրէին բանակը հետաքննութիւն բացաւ Լիբանանէն Իսրայէլ հրթիռներ արձակողներուն ինքնութիւնը բացայայտելու համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Լիբանանէն արձակուած հրթիռները, որոնք թիրախ դարձուցած են Իսրայէլը` հաստատելով, որ Թել Աւիւ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ձախող իրավիճակին պատասխանատու են անոնք, որոնք իրենք զիրենք ղեկավարներ կ՛անուանեն` աւելցնելով, որ իրենք բազմաթիւ միջոցներ ունին, որոնց շարքին` պատժամիջոցներ,  հաշուետուութեան ենթարկելու զանոնք, գիտնալով, որ անոնք են լիբանանցիներու տառապանքին պատասխանատուները:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ բանակի հրամանատարութեան հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ հրթիռարձակումին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ այդ իմաստով որդեգրուելիք քայլերը:

Նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց ՄԱԿ-ի մօտ բողոքել, որպէսզի ան ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ` Լիբանանի դէմ իր ոտնձգութիւնները կասեցնելու առումով:

«Իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գիւղաքաղաքներ թիրախ դարձնելը 2006-էն ի վեր առաջին քայլն է եւ կը փաստէ Լիբանանի դէմ բռնարարքի եւ թշնամական ախորժակներ, որոնց զուգահեռ կը հնչեն նաեւ սպառնալիքներ` Լիբանանի գերիշխանութիւնը մնայուն կերպով խախտելու առումով: Այս բոլորը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում կը նկատուին, ինչպէս նաեւ ուղղակի սպառնալիք` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան», շեշտեց նախագահ Աուն:

Իր կարգին, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըրէն խնդրեց ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Ամալ Մտալլալիէն խնդրել, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանը ռմբակոծելու բռնարարքին դէմ:

Տիապ հրապարակեց նաեւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան ուժերը իրենց թնդանօթներով եւ ապա օդուժով ռմբակոծած են Լիբանանը եւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ իրենց ոտնձգութեան եւ թիւ 1701 բանաձեւի խախտումին իմաստով բացայայտ խոստովանութիւն կատարած են` պատճառաբանելով այն, որ բռնագրաւուած Պաղեստինի հիւսիսային շրջանին մէջ հրթիռներ ինկած են` լիբանանեան կողմէն: «Այս նոր եւ վտանգաւոր բռնարարքը մեծ սպառնալիք կը նկատուի հարաւային Լիբանանի սահմանային խաղաղութեան. անիկա կը յաջորդէ այն բռնարարքներուն, որոնք գործուած են լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ լիբանանեան օդային տարածքը օգտագործած են ռմբակոծելու Սուրիան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Տիապ հաղորդագրութեան ընդմէջէն կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ Ապահովութեան խորհուրդին կասեցնելու Իսրայէլի` Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելու քայլերը, որովհետեւ այդ բռնարարքները կը սպառնան թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ 2006-էն ի վեր հաստատուած սահմանային կայունութեան:

Նշենք, որ այս դէպքերուն մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հետաքննութիւն բացած են:

ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ երէկ նախագահեց Նաքուրայի եռակողմանի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի եւ իսրայէլեան ուժերու բարձրաստիճան զինուորականներ:

Ան կոչ ուղղեց ամբողջութեամբ օգտագործելու եռակողմանի այս հանդիպումը` սահմանային Կապոյտ գիծի ապահովական կայունութիւնը պահելու միջոցները բացայայտելու նպատակով:

Զօր. Տել Քոլ հաստատեց, որ բոլոր ուժերը պէտք է յարգեն ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը` յարաբերական եւ համակարգումի աշխատանքը կատարելու նպատակով:

Ան շեշտեց, որ ամէնէն դժուար պայմաններուն այս գործիքակազմը ճշգրիտ կերպով գործած է, եւ ժամանակն է վերստին յանձնառութիւն ցուցաբերելու այս մասին եւ առիթ չտալու, որ մարդիկ առիթը օգտագործեն:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ Գիծի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կարեւորութիւնը:

Զօր. Տել Քոլ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն մեղմացնելու ելեկտրականացած մթնոլորտը, վերջ տալու բռնարարքներուն եւ կասեցնելու ոտնձգութիւնները:

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ. «Արդեօք Հըզպալլան Թիւ 12 Պահեստանոցը Վերածած Է Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոցի՞ Մը` Լիբանանեան Պետութեան Մեղսակցութեամբ»

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Վարչապետ Նշանակուեցայ Կառավարութիւն Կազմելու Համար, Եւ Քայլ Մը Առաջ Ենք» Շեշտեց Նեժիպ Միքաթի

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?