Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ հովանաւորեց մինի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական խաղը, որուն ընթացքին լիբանանեան բանակի մինի ֆութպոլի խումբը յաղթեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն մինի ֆութպոլի խումբին:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան պարգեւատրեց բանակի մինի ֆութպոլի ախոյեան խումբը եւ Լիբանանեան բանակը շնորհաւորեց իր տօնին առիթով. ան շնորհաւորեց նաեւ երկու խումբերը` անոնց ցուցաբերած մարզական ոգիին համար:
Վ. Օհանեան շնորհաւորեց նաեւ Ֆութպոլի ֆետերասիոնը` անոր արձանագրած իրերայաջորդ յաղթանակներուն համար:
 
			




