Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի Ա. տարելիցին առիթով նախանցեալ օր ճիշդ պայթումի պահուն` ժամը 6:07-ին, պայթումի վայրին մէջ կատարուեցաւ հաւաքական աղօթք` յարգելու համար պայթումին պատճառած զոհերուն յիշատակը:
Նամազով սկսած եւ ապա Ս. պատարագով շարունակուած աղօթքին ընթացքին յիշուեցան բոլոր նահատակները` ներկայութեամբ անոնց հարազատներուն, որոնք ներկայ էին այն վայրին մէջ, որ ոռոգուած էր իրենց հարազատներուն արեամբ:
Սուգի, խեղդուող ցասումի եւ յորդող արցունքներու մթնոլորտով համակուած Ս. պատարագին հանդիսապետեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը` ներկայութեամբ այլ համայնքներու հոգեւոր ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան:
Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ցուցարարներուն վայրագութեան չդիմելու եւ անկարգութիւն չկատարելու, պատասխանատուներու հասցէին լուտանքներէ հեռու մնալու, ինչպէս նաեւ կառոյցներուն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ չյարձակելու ու վնաս չհասցնելու:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ շատեր այս օրը ուզեցին ցասումի, ցոյցի եւ դատապարտումի օրուան վերածել, «սակայն կը հաստատեմ, որ Աստուծոյ խօսքը շատ աւելի ազդու է, վստահելի եւ մխիթարող»:
Ան նշեց, որ փորձանքներու ընթացքին մարդիկ զիրար կը մխիթարեն, սակայն աղէտներու ընթացքին միակ մխիթարութիւնը Աստուծմով կարելի է իրականացնել, որովհետեւ ան զօրութեան աղբիւր է եւ գուրգուրանքի ակ, որմէ կու գայ գոյատեւման կեանքի ներշնչումը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ արդարութեան հաստատումը միայն նահատակներու ընտանիքներուն պահանջը չէ, այլ` ամբողջ ժողովուրդին պահանջը: Մենք բոլորս կ՛ուզենք իմանալ, թէ ո՛վ Լիբանան բերել տուած է պայթուցիկ այդ նիւթը, ո՛վ է անոր տէրը, ո՛վ է զայն պայթեցնողը եւ ինչպէ՛ս պայթած է:
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց դատական իշխանութեան խիստ գտնուելու, հարցաքննելու բոլորը եւ պատժելու յանցագործները: «Ամօթալի է, որ պատասխանատուներ հետաքննութենէ փախուստ տան` անձեռնմխելիութեան կամ բողոքագիրի պատրուակին տակ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ժողովուրդը կը պահանջէ ճշմարտութեան բացայայտումը: «Կը փափաքինք տեսնել դատական իշխանութիւն մը, որ իր ճակատը բարձր կը պահէ նահատակներու հարազատներուն դիմաց: Բոլորը կոչուած են իրենց վկայութիւնը տալու դատական իշխանութիւններուն, առանց պատճառաբանութեան եւ անձեռնմխելիութենէ զրկուելու սպասելու, որովհետեւ նահատակներուն արեան դիմաց բոլոր անձեռնմխելիութիւնները փուլ կու գան», ընդգծեց ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անմիջապէս կազմելու բարեկարգումի եւ փրկութեան կառավարութիւն մը` աւելցնելով սակայն, որ կարծէք այդ կոչերը անշնչացած մարմիններու կ՛ուղղուին, «կարծէք ո՛չ սոված ժողովուրդ կայ եւ ո՛չ ալ պայթումի ենթարկուած նաւահանգիստ», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովին մասնակցող Լիբանանի բարեկամ բոլոր երկիրներուն, որոնք խոստացան տնտեսապէս օժանդակել երկրին:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ աշխարհին ընդառաջումը կը սկսի երկրին տնտեսութեան փրկութենէն, ինչպէս նաեւ միջազգային խորհրդաժողովէ մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարուի Լիբանանի չէզոքութիւնը` գործադրելու համար միջազգային բոլոր որոշումները:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց խոհեմ կերպով քուէարկելու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նորընտիր խորհրդարանը պիտի ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը:
«Մենք մեծաթիւ պատերազմներ, նահատակներ եւ դիմադրութիւններ ունինք, հետեւաբար պէտք է երթանք դէպի ազատութիւն` հեռու Միջին Արեւելքին դէմ նիւթուող դաւադրութիւններէն», հաստատեց ան:
Նաւահանգիստի մուտքին, պանդուխտի յուշարձանին եւ նաւահանգիստին շրջակայքը ողողուած էին լիբանանցիներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին յարգելու նահատակներուն յիշատակը:
Բայց եւ այնպէս Ս. պատարագին խորհրդաւոր ընթացքը խանգարուեցաւ, երբ կարգ մը ցուցարարներ, որոնք ժողովրդային շարժումի կամ այսպէս կոչուած «յեղափոխութեան» խուլիկաններու թեւը կը ներկայացնեն, ուղղուեցան դէպի Նահատակաց հրապարակ, Մոհամետ Ամին մզկիթ, «Նահար» օրաթերթ եւ «Լը Կրէյ» պանդոկ եւ որոշ ժամանակի մը համար այդ շրջաններուն մէջ համախմբուելէ ետք ուղղուեցան խորհրդարանի մուտքը տանող փողոցը, ուր սկսան իրենց սովորական աւանդութեան` քարկոծել ապահովութեան ուժերը, փորձել քանդել պողպատեայ դարպասները, մագլցիլ անոնց վրայ եւ փորձել կազմաքանդել անոնց վերեւ զետեղուած փշաթելը, քանդել ու փշրել մայրաքաղաքը, անիւներ ու ինչ որ կարելի է հրկիզել, ինչպէս նաեւ վարկաբեկել քաղաքական բոլոր դէմքերն ու ղեկավարները, եւ անոնց հասցէին հայհոյանքներ արձանագրել մայրաքաղաքի պատերուն վրայ:
Երեկոյեան ժամը 5:30-էն սկսեալ արդէն իսկ ցուցարարները սկսան քարկոծել խորհրդարանին մուտքը եւ հոն գտնուող ապահովական ուժերը:
Ներքին ապահովութեան ուժերը քանի մը անգամ հրապարակեցին հաղորդագրութիւններ` զգուշացնելով, որ իրենք այլ միջոցներու պիտի դիմեն ոչ խաղաղ ցուցարարները զսպելու համար, եւ իսկապէս ալ ցուցարարներուն ոչ խաղաղ պահուածքը, անոնց կողմէ քոքթէյլ մոլոթովներու օգտագործումը եւ բանակին ու ապահովութեան ուժերուն հանդէպ ցուցաբերուած վայրագութիւնը մղեց ապահովութեան ուժերը ցուցարարները ցրուելու արցունքաբեր կազերով եւ ջրցան մեքենաներով:
Բախումները տեւեցին մինչեւ կէս գիշեր: Մինչեւ կէս գիշեր ապահովութեան ուժերը ցուցարարները կրցան ետ մղել մինչեւ «Նահար» օրաթերթի շէնք, ապա Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոն, Ժըմմէյզէ եւ Մար Մըխայէլ:
Բախումներուն ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին Ազարիէի շէնքին մէկ բաժինը, ապա անոնք մուտք գործեցին տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւն եւ քանդեցին նախարարութիւնը` իրենց հետ տանելով նաեւ նախարարութեան սարքերը:
Ուշ գիշերին ցուցարարները խուժեցին Մար Մըխայէլի Ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնատեղին, ուր բուռն բախումներ արձանագրուեցան ապահովութեան ուժերուն հետ, որոնք կրցան կասեցնել խուլիկանութիւնը եւ ետ մղել անոր հեղինակները:
Ըստ Լիբանանեան կարմիր խաչին, մինչեւ կէս գիշեր արձանագրուեցան 84 վիրաւորներ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը ապահովական խիստ միջոցառումներու դիմեց դէպի նաւահանգիստ տանող բոլոր ճամբաներուն վրայ:
Զետեղուեցան անցարգելներ եւ կատարուեցան խուզարկութիւններ, որոնց պատճառով Զուքի մայրուղին որոշ ժամանակի համար փակուեցաւ:
Զուքի մէջ զետեղուած անցարգելին վրայ բանակը զէնք ու զինամթերք գրաւեց կարգ մը երիտասարդներէ, որոնք կ՛ուղղուէին նաւահանգիստ:
Ժմմէյզէի մէջ բանակը յաջողեցաւ հակակշիռի տակ առնել նաեւ Լիբանանեան ուժեր եւ Համայնավար կուսակցութիւններուն միջեւ արձանագրուած կռիւ մը:
Լիբանանի Օժանդակութեան Միջազգային
Խորհրդաժողով` Ֆրանսայի Նախաձեռնութեամբ
4 օգոստոսի պայթումին Ա. տարելիցին առիթով, չորեքշաբթի կէսօրին ընթացք առաւ Լիբանանի օժանդակութեան միջազգային առցանց խորհրդաժողովը, որուն նախագահեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ կայացած այս խորհրդաժողովին մասնակցեցան 33 երկիրներ, 10 միջազգային կազմակերպութիւններ եւ այլ միութիւններ, որոնք հաստատեցին, որ իրենք պատրաստ են օժանդակելու Լիբանանին, սակայն պայման է, որ նախ եւ առաջ Լիբանանը ինքն իրեն օգտակար դառնայ եւ կազմէ կառավարութիւն մը, որ կարենայ գործադրել բարեկարգումները:
Միջազգային խորհրդաժողովը Լիբանանի համար կրցաւ ապահովել 375 միլիոն տոլար, որ պիտի տրամադրուի 12 ամսուան ընթացքին:
Գումար մը, որ աննախատեսելի էր եւ կը փաստէր լիբանանցիներուն նկատմամբ Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն կարեկցանքը:
Խորհրդաժողովին մասնակցող պետութիւնները մտահոգութիւն յայտնեցին նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութեան արձանագրած յապաղումին առնչութեամբ` վերահաստատելով, որ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւնները կ՛ենթադրեն բարեկարգումներու գործադրութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:
Խորհրդաժողովէն առաջ Ֆրանչիսկոս պապը Լիբանանին յղեց ազդեցիկ պատգամ մը` ընդգծելով Պէյրութ այցելելու իր փափաքը:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խորհրդաժողովի բացումին առիթով հաստատեց, որ ինք յանձնառու է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին առումով արդարութիւնը հաստատելու եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի ամէն տեսակի միջազգային օժանդակութեան:
Մաքրոն շեշտեց, որ Ֆրանսա պիտի օժանդակէ Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման` յայտնելով, որ Ֆրանսա լիբանանցիներուն եւրոյով օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ` սատարելու համար կրթութեան եւ ուսման ոլորտին, սննդեղէնի ապահովումին, ինչպէս նաեւ բժշկական մարզին:
Նշենք, որ Մաքրոնի խնդրանքով խորհրդաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:
Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Ա. Տարելիցին Առիթով
Արձանագրուած Կեցուածքներ
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով` նախագահ Աուն լիբանանցիներուն ուղղած իր պատգամին մէջ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը շարունակելու մինչեւ վերջ` հետաքննութեան եւ դատավարութիւններուն առումով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք կը զօրակցի եւ նեցուկ կը կանգնի դատական իշխանութիւններուն` արդարութիւնը հաստատելու համար:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ արդարութիւնը բողոքագիր մը կամ յուշագիր մը չէ, այլ` աշխատանք մը, որ կը գործադրուի անկախ դատական իշխանութեամբ, սահմանադրութեան գործադրութեամբ եւ նահատակներն ու անոնց թափած արիւնը ամէն բանէ գերադասելով:
Նոր նշանակուած վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հայրենիքը վտանգի ենթակայ է:
Ան զօրակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն կողմէ արդարութեան հաստատման պահանջին` ընդգծելով, որ յանցագործները պէտք է ստանան իրենց արժանի պատիժը:
Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ անկարելի պիտի ըլլայ արդարութիւն հաստատել, եթէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առումով իսկական արդարութիւն չհաստատուի:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ 4 օգոստոսը պէտք է ըլլայ արդարութիւնը քաղաքական բախումներէ եւ տեղեկատուական դատավարութիւններէ ազատագրելու օր մը` աւելցնելով, որ 4 օգոստոսը պէտք չէ ընտրարշաւի վերածել:
Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր շեշտեց, որ իրենք յոյս եւ վստահութիւն ունին, որ կարելի պիտի ըլլայ արդար դատական իշխանութիւններուն գործունէութեամբ պայթումին ճշմարտութիւնը պարզել եւ հաշուետուութիւն կատարել:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու հարազատներուն` հաստատելով, որ 4 օգոստոս 2020-ին բանակայիններուն եւ քաղաքացիներուն արիւնը միասին շաղախուեցաւ լիբանանեան այնպիսի պայթումի մը ընթացքին, որ աշխարհը ցնցեց: Ան մաղթեց, որ թափուած արիւնը Լիբանանի վերականգնումին համար նոր յոյս մը ըլլայ, ինչպէս նաեւ արդարութիւնը հաստատելու մղում մը:
Աւստրալիոյ վարչապետ Սքոթ Մորիսըն յայտնեց, որ 4 օգոստոսին իրենք կը կանգնին լիբանանցիներու կողքին:
Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի յայտնեց, որ Պէյրութի նաւհանգիստի պայթումին առաջին օրէն իսկ Ռիատ կոչ ուղղած է դիմելու Միջազգային դատարան` պայթումին վերաբերող թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարելու եւ անոր դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով: