Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ. «Արդեօք Հըզպալլան Թիւ 12 Պահեստանոցը Վերածած Է Պայթուցիկ Նիւթերու Պահեստանոցի՞ Մը` Լիբանանեան Պետութեան Մեղսակցութեամբ»

Օգոստոս 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը երէկ Սայֆիի իր կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպեց յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ պաստառի մը` կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեանի յիշատակին, նկատի ունենալով, որ ան 4 օգոստոսի զոհերէն էր:

Այս առիթով Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ 4 օգոստոս 2020-էն առաջ եւ վերջ տիրող կացութիւնները տարբեր են: Ան ընդգծեց, որ իրենք կը պահանջեն անձեռնմխելիութենէ զրկել իւրաքանչիւր պատասխանատու, որ գիտէր ամոնիում նայթրէյթի գոյութեան մասին:

«Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ինք 15 օր առաջ իմացած է այդ մասին. արդեօք զայն կարելի չէ՞ հարցաքննել: Հըզպալլայի կառոյցը նաւահանգիստին մէջ աշխուժ գործունէութիւն ունի. արդեօք զայն կարելի չէ՞ հարցաքննել», հարց տուաւ Ժեմայէլ:

Ան շեշտեց, որ մեծագոյն հարցումը սակայն կը մնայ հետեւեալը. «Արդեօք Հըզպալլան Պէյրութի նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցը վերածած է պայթուցիկ նիւթերու պահեստանոցի՞ մը` լիբանանեան պետութեան մեղսակցութեամբ»:

Ժեմայէլ հարց տուաւ, որ արդեօք Հըզպալլան քիմիական այդ նիւթը կը մատակարարէ՞ր սուրիական վարչակարգի՞ն, որպէսզի ան զանոնք վերածէ իր ժողովուրդին վրայ պայթող տակառներու:

«Ինչո՞ւ հրդեհ բռնկեցաւ այդ պահեստանոցին մէջ, ի՞նչ էր առաջին պայթումը, ինչո՞ւ վարչապետ Հասսան Տիապ պիտի ուղղուէր նաւահանգիստ եւ ապա ջնջեց այցելութիւնը, ո՞վ իրմէ խնդրեց այցելութիւնը ջնջել, ինչո՞ւ ամոնիում նայթրէյթը Պէյրութ փոխադրուեցաւ եւ հոն մնաց ութ տարի, ինչո՞ւ 2700 թոն նիւթէն միայն 550-ը պայթեցաւ, մնացեալը ո՞ւր է, որո՞ւն արտօնութեամբ անիկա դուրս բերուեցաւ նաւահանգիստէն եւ դէպի ո՞ւր տարուեցաւ: Այս բոլորը հարցումներ են, որոնք յստակացումի կարիք ունին», ըսաւ ան:

Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը կ՛ամփոփէ Լիբանանի ամբողջ ողբերգութիւնը, սկսեալ` կորսուած գերիշխանութենէն, մինչեւ Հըզպալլայի միլիսին իշխանութեան տակ գտնուող բաց սահմանները:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերու Յիշատակի Մոմավառութեան Առիթով. Բագրատունի. «Այս Ոճիրին Զոհ Գացած Ոեւէ Նահատակի Արեան Մէկ Կաթիլը Գերիվեր Է Ամէն Անձեռնմխելիութենէ»

Յաջորդը

Լիբանան Իսրայէլի Դէմ Պիտի Բողոքէ` Անոր Օդուժին Գործած Ոտնձգութիւններուն Պատճառով

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?