Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կլասկոյի Մէջ. Շրջանային Եւ Միջազգային Ղեկավարներ Միքաթիին Կը Հաստատեն Լիբանանի Նկատմամբ Իրենց Զօրակցութիւնը

Նոյեմբեր 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մեկնեցաւ Սկովտիա` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով 26-րդ խորհրդաժողովին:

Միքաթիի կ՛ընկերակցի կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին եւ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատա:

Խորհրդաժողովին ընթացքին Միքաթի Լիբանանի խօսքը պիտի արտասանէ այսօր:

Կլասկոյի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին Միքաթի դիմաւորուեցաւ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի կողմէ:

Միւս կողմէ, խորհրդաժողովին ներկայ ըլլալու կողքին, վարչապետ Միքաթի երէկ յետմիջօրէին հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ, որ հաստատեց, որ Ֆրանսա միշտ կը զօրակցի Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կայունութեան:

Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Քուէյթի վարչապետ Սապահ Ալ Խալետ Սապահի հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Միքաթի շեշտեց Ծոցի երկիրներու գործակցութեան խորհուրդին հետ Լիբանանի մտերիմ յարաբերութիւնները պահպանելու, ինչպէս նաեւ որեւէ բացթողումի լուծումը գործակցութեամբ եւ եղբայրական ոգիով ապահովելու յանձնառութիւնը:

Սապահ շեշտեց, որ Քուէյթ նախանձախնդիր է միշտ զօրակցելու Լիբանանին` աւելցնելով սակայն, որ միաժամանակ Քուէյթ յանձնառու է պահպանելու Ծոցի երկիրներու գործակցութեան խորհուրդին միասնականութիւնը:

Իր կարգին, Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի յայտնեց, որ ինք մօտիկ ապագային Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը պիտի գործուղէ Լիբանան` քննարկելու համար Լիբանանին օժանդակելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ծոցի երկիրներ տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Սանչեզ շեշտեց Լիբանանի նկատմամբ Սպանիոյ զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Շարլ Միշելի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանին մատուցուելիք օժանդակութիւնները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի գործադիր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ:

Ճորճիեւա հաստատեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին` զայն իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն դուրս բերելու համար:

Ան նշեց, որ գործակցութեան ծրագիրը առիթ մըն է, որ պէտք է յաջողցնել, որովհետեւ անիկա գործունէութեան արտօնուած եւ կարելի միակ դուռն է:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անկելա Մերքելի հետ:

Պէտք է աւելցնել, որ Միքաթի խորհրդաժողովին զուգահեռ ամերիկեան եւ եւրոպական զօրակցութիւն ստացաւ` պահելու Լիբանանի կայունութիւնն ու կառավարութեան ծրագիրը, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ յայտարարութիւններու պատճառով Սէուտական Արաբիոյ հետ ստեղծուած դիւանագիտական տագնապը լուծելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, Միքաթի երէկ առաւօտեան կառավարութեան յատուկ ուաթսափ խումբին մէջ գրած էր հետեւեալը. «Սիրելինե՛րս, Աստուած միայն գիտէ, թէ որքա՛ն ուրախ եմ այս հիանալի խմբակով, ինչպէս նաեւ ուրախ եմ մեր ուղին յաջողցնելու նպատակով ձեր ցուցաբերած լուրջ աշխատանքով: Չեմ ուզեր ձեզմէ գաղտնի պահել այն իրականութիւնը, որ նախապէս տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիէն պահանջեցի ազգային իր զգացումը գերադասել, սակայն պահանջիս առումով գործնական քայլեր չառնուեցան, հետեւաբար պէտք է իմանաք, որ կը գտնուինք անդունդի եզրին: Եթէ չգիտնանք այս հարցին արագ լուծում ապահովելու ձեւը, ապա պիտի իյնանք տեղ մը, որ բոլորին կողմէ անբաղձալի է… Աստուած վկայ է, որ ձեզ այս մասին տեղեկացուցի»:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Պաշտօնէութիւնը Փոխադրուած Է Լիբանանէն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան պաշտօնէութիւնը կիրակի գիշեր լքեց դեսպանատունը եւ վերադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախապէս իր տուած որոշումը, որ կ՛արգիլէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բնակիչներուն Լիբանան  ուղղուիլ, ինչպէս նաեւ իր դիւանագիտական անձնակազմը տուն կը հրաւիրէ, պիտի լրացուի այլ որոշումով մը, որուն շրջագիծին մէջ Լիբանան գտնուող Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիները պէտք է փութան տուն վերադառնալ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին` աւելցնելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր բոլոր կարողութիւնները կը դնէ Լիբանանի մէջ գտնուող իր քաղաքացիները տուն փոխադրելու նպատակով:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շարունակեց Իր Հաղորդակցութիւնները` Լուծելու Համար Ծոցի Երկիրներու Որոշումներուն Հետեւանքները

Յաջորդը

Ալիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Պատժամիջոցներու Ենթարկուէր, Ինչպէս Իրաքը` Սատտամի Օրերուն»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?