Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2021-ին, ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ճարտարարուեստի ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին ճարտարարուեստի մարզին զարգացման կարելիութիւնները: «Իրաք նախանձախնդիր է օժանդակելու Լիբանանին եւ կառչած է զարկ տալու լիբանանեան արտադրութիւններու քանակի յաւելման», յայտարարեց նախարար Ճորճ Պուչիքեան` «խիստ շինիչ եւ արդիւնաւէտ» որակելով վարչապետ Միքաթիի հետ իրենց խորհրդակցութիւնները: