Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Նախարար Քըրտահիի «Խնդրայարոյց» Յայտարարութեան` Նախագահ Աուն. «Լիբանան Նախանձախնդիր Է Լաւագոյն Յարաբերութիւնները Պահպանելու Արաբական Քոյր Պետութիւններու Հետ»

October 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Լիբանանեան քաղաքական ոեւէ կողմի կեցուածքները կարելի չէ նկատել լիբանանեան պետութեան կեցուածքը եւ ըստ այնմ կեցուածք ճշդել», յայտարարեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ, անդրադառնալով տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի յայտարարութեան գծով բարձրացած աղմուկին: Նախագահ Աուն այս առիթով վերահաստատեց Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը իբրեւ նախագահ, կառավարութիւն եւ ժողովուրդ` լաւագոյն յարաբերութիւնները պահպանելու արաբական քոյր պետութիւններու հետ: Նախագահ Աուն դիտել տուաւ, որ նախարար Քըրտահի իր այդ յայտարարութիւնը կատարած է նախքան անոր նախարար նշանակումը, «հետեւաբար այդ խօսքերը չեն ցոլացներ լիբանանեան պետութեան տեսակէտը, որ ճիգ չի խնայեր, որ Սէուտական Արաբիա մնայ միշտ Լիբանանի կողքին, յատկապէս` ներկայ պայմաններուն»:

Նախագահ Աուն իր այս կեցուածքը դրսեւորեց ընդունելով ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննեց երկրի ընդհանուր իրավիճակն ու նախընտրական պատրաաստութիւնները:

Նշենք, որ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի ամիսներ առաջ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը «ընթացքին արտայայտուած է ի նպաստ Եմէնի հուսիներուն` պաշտպանելով անոնց պայքարը Սէուտական Արաբիոյ դէմ»: Նախարար Քըրտահիի այդ յայտարարութիւնը, որ վերջերս պատկերասփռուած է, մեծ աղմուկ բարձրացուց` դուռ բանալով քաղաքական եւ դիւանագիտական բանավէճի, յատկապէս որ Քըրտահի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժեց ներողութիւն խնդրել եւ վերահաստատեց իր տեսակէտը:

Այս մասին Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ բարձր գնահատեցին նախարար Քըրտահիի կեցուածքը` մերժելով անոր պաշտօնանկութեան գաղափարը, «որովհետեւ նման քայլ մը կը տկարացնէ պետութեան վարկն ու հանգամանքը»:

 

 

Նախորդը

Թայյունէի Դէպքերու Հետեւանքները Կը Շարունակեն Յուզել Լիբանանեան «Հրապարակը»

Յաջորդը

Խորհրդարանը Որոշեց Երեսփոխանական Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Կայացնել 27 Մարտ 2022-ին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.