Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիան Վտարեց Ռիատի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մէկէ աւելի հարցերու գծով վերջին օրերուն ծագած ընտրական ու դիւանագիտական բնոյթի բանավէճերը հետզհետէ կը ստանան սուր բնոյթ` որոշ հարցականներ ու մտավախութիւններ ստեղծելով  Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութեան ու ժողովրդավարական «առողջութեան» շուրջ: Արդարեւ, երկրի նորագոյն զարգացումներուն լոյսին տակ, մտավախութիւններ ծագեցան խորհրդարանական ընտրութիւններու յետաձգման եւ Լիբանանի տնտեսական ու քաղաքական մեկուսացման հաւանականութեանց գծով: Մտավախութիւններ, որոնք առանց այդ ալ կրնան անտանելի դարձնել օրապահիկով ապրող լիբանանցիներու կեանքը` տիրող ապրուստի, կենցաղային եւ տնտեսական պայմաններու լոյսին տակ:

Փաստօրէն երէկ` ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրները յայտնեցին, թէ «տուն կը կանչեն» Լիբանանի մէջ իրենց դեսպանը եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանէն կը պահանջեն Լիբանան վերադառնալ: Նմանապէս, Սէուտական Արաբիա կը դադրեցնէ Լիբանանէն իր բոլոր ներածումները: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, «այս քայլը պիտի կրկնուի նաեւ լիբանանեան իշխանութեան կեցուածքին զօրավիգ քաղաքական թէ տնտեսական կառոյցներու եւ անձնաւորութիւններու դէմ»: Նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերեցին նաեւ Արաբական ծոցի երկիրներու աղբիւրները, եւ կը նախատեսուի , որ մօտերս արտակարգ ժողով գումարուի եւ «սաստիկ ու դառն» որոշումներ տրուին Լիբանանի նկատմամբ: Երէկ գիշեր նաեւ Պահրէյն իր մօտ Լիբանանի դեսպանին 48 ժամուան պայմանաժամ տուած էր երկիրը լքելու: Այս քայլերուն տուն տուող շարժառիթը Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի մէկ յայտարարութիւնն էր, ամիսներ առաջ կայացած հարցազրոյցի մը ընթացքին, որ վերջերս սփռուեցաւ հանրութեան: Քըրտահի հարցումի մը պատասխանելով «անիմաստ» կ՛որակէր Եմէնի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը` պաշտպանելով հուսիները ընդդէմ Սէուտական Արաբիոյ: Այս յայտարարութիւնը առաւել «բռնկեցուցած» էր պատկան կողմերը, երբ նախարար Քըրտահի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժած էր յետս կոչել իր յայտարարութիւնը եւ ներում հայցել կամ հրաժարիլ: Լրատուական աղբիւրներուն համաձայն, արդէն իսկ երեկ երեկոյեան սէուտցի դեսպանը «տուն» մեկնած էր, իսկ Ռիատի մօտ Լիբանանի դեսպանին «տունդարձը» կը սպասուի յառաջիկայ ժամերուն: Սէուտական Արաբիոյ պատկան մարմիններ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեցին Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութեան վատթարացման առնչութեամբ` այս կացութեան պատասխանատուութիւնը վերագրելով լիբանանեան իշխանութեանց վարիչներուն, որոնք «կրաւորական» կեցուածքով տակաւին պաշտօնի վրայ կը պահեն խնդրոյ առարկայ նախարարը: Միաժամանակ, հաղորդագրութիւնը իր նախանձախնդրութիւնը կը յայտնէր Սէուտական Արաբիոյ մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք կրնան պատասխանատու չնկատուիլ իրենց իշխանաւորներուն յայտարարութեանց: Նաեւ անիկա իր քաղաքացիներէն կը պահանջէր ներկայիս խուսափիլ Լիբանան այցելելէ` ապահովական նկատառումներով:

Այս հարցը իր հետեւանքներով սաստկացուց անցնող օրերուն ծագած թեր ու դէմ կեցուածքներու բանավէճը: Այս ծիրին մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառումով  պահանջեց նախարար Քըրտահիի պաշտօնանկութիւնը: Նախկին նախագահ Միշել Սլէյման յայտնեց, թէ «նախընտրելի է, որ մէկ հոգի հրաժարի, քան բազմաթիւ անձեր տուժեն տնտեսապէս»:

Միւս կողմէ, Հըզպալլա բարձր գնահատեց նախարար Քըրտահիի կեցուածքը: Նմանապէս, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ճիշդ նկատեց Քըրտահիի կեցուածքը, յատկապէս որ անիկա կատարուած է նախքան նախարարական պաշտօնին ստանձնումը:

Դիւանագիտական Եռուզեռ

Նշեալ զարգացումներուն լոյսին տակ, արձանագրուեցաւ դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռ, որ թէեւ արտաքնապէս այլազան բնոյթով կայացաւ, սակայն խորքին մէջ ոմանք վատթարացնելու, ուրիշներ հարթելու կը միտէին ծառացող թնճուկները:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Միշել Աուն ընդունեց Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Ռոտաքովը, որուն հետ քննեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին արձանագրուած արբանեակային նկարներու յանձնումի կարելիութիւնը` տրուած ըլլալով, որ նախագահ Փութին վերջերս յայտարարած էր, թէ Ռուսիոյ մօտ կան այդ նկարները: Նշենք, որ Լիբանան նմանօրինակ պահանջ ներկայացուցած էր Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու, որոնք ցարդ դրական պատասխան չտուին: Այս գծով իմացուեցաւ, թէ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ մօտերս (շատ հաւանաբար` 22 նոյեմբերին) «գործուղուի» դէպի Մոսկուա:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Մաարապ եւ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւող խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ` ներկայութեամբ նախկին նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի:

Վարչապետ Միքաթի իր կարգին նախարար Քըրտահիին թելադրեց կացութեան պատշաճ կեցուածք ցուցաբերել: Իսկ արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Պու Հապիպին թելադրեց չհետեւիլ իրեն կենսոլորտի համագումարին մասնակցելու, այլ մնալ Լիբանան` կացութեան հետապնդման համար:

Նոյն ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆ երէկ այցելեց պատասխանատու անձնաւորութիւններուն, ինչպէս` մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ այլ դէմքերու:

Խորհրդարանի նախագահը նաեւ ի միջի այլոց ընդունեց Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպանը. խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին քաղաքական նորագոյն զարգացումները:

Իսկ զբօսաշրջութեան  նախարար Նասեր Եասին հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց դեսպանին հետ:

Տնտեսական բնոյթով հանդիպում մըն ալ կայացաւ Իրաքի դեսպանատան տնտեսական կցորդին եւ ուժանիւթի նախարար Ուալիտ Խայեաթի միջեւ:

 

Նախորդը

Միջկուսակցական Հանդիպում

Յաջորդը

Արմէն Գրիգորեան. «Հայաստանը Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Սահմանագծման Ու Սահմանազատման Հոլովոյթին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?