Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միքաթիի Կառավարութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Գործը, Եւ Անոր Օժանդակելու Շրջանային Եւ Միջազգային Խոստումներ Կան» Շեշտեց Պու Հապիպ

Նոյեմբեր 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ ստեղծուած տագնապի լուծման յատուկ յանձնախումբը այլեւս գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ անիկա ձախողած է իր աշխատանքին մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ տագնապը վերածուած է նախարարութիւններէն եւ Լիբանանէն աւելի մեծ տագնապի մը` ներքին եւ արտաքին ազդակներու պատճառով:

Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան Ծոցի երկիրներուն հետ հարց չունի: «Օմանն ու Քաթարը Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները պահած են, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Լիբանանի դեսպանը տակաւին իր պաշտօնին վրայ կը գտնուի: Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի նկատմամբ կայ խստութիւն մը, որ անհասկնալի է: Որեւէ երկու պետութիւններու միջեւ հարցերը կը լուծուին երկխօսութեան միջոցով` նախքան յարաբերութիւններու խզումը: Ինծի համար տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի կացութիւնը մտահոգիչ է, որովհետեւ տակաւին կայ հաւանականութիւն, որ ան քաւութեան նոխազի կրնայ վերածուիլ», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ Միքաթիի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր գործը` ընդգծելով, որ անոր օժանդակելու շրջանային եւ միջազգային խոստումներ կան:

Իր խօսքը ուղղելով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պու Հապիպ ըսաւ. «Լիբանանի մէջ Հըզպալլա հիմնական բաղկացուցիչ է, սակայն միակը չէ եւ ամբողջ Լիբանանը չի ներկայացներ: Հըզպալլա Լիբանանին չ՛իշխեր, սակայն հիմնական բաղադրեալ է, իսկ Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնցմէ չի զիջիր»:

Պու Հապիպ երկխօսութեան կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ` լուծելու համար դիւանագիտական տագնապը:

Մաուլաուի. «Լիբանան Չի Կրնար Վերածուիլ Եղբայր Երկրի Մը Դէմ Յարձակումի Մարտկոցի»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց, որ կարելի չէ յայտարարութիւններու սահմաններուն մէջ մնալ եւ պէտք է անցնիլ ամբողջական բարեկարգումներու գործադրութեան` իբրեւ նախաքայլ արաբական եղբայր երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու:

Մաուլաուի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները հեզասահ են, եւ ինք չի հանդուրժեր, որ Լիբանան արաբական իր միջավայրէն մեկուսացուի:

«Ոչ ոք կրնայ Լիբանանի արաբական ինքնութիւնը փոխել, ինչպէս նաեւ Լիբանան չի կրնար վերածուիլ եղբայր երկրի մը դէմ յարձակումի մարտկոցի` մեկնելով ազգային շահերու սկզբունքէն», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ իբրեւ ներքին գործոց նախարար ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ արգիլելու համար թմրեցուցիչի եւ Քեփթակոն դեղահատերու մաքսանենգումը` Պէյրութի միջազգային օդակայանէն:

Պայրամ. «Կառավարութեան Հրաժարականի Մթնոլորտ Չկայ»

Աշխատանքի նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ արաբական երկիրներուն հետ եղբայրական յարաբերութիւնները պէտք է պահպանուին երկիրներու գերիշխանութեան, արժանապատուութեան եւ փոխադարձ յարգանքին հիման վրայ:

Պայրամ նշեց, որ իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւողները լաւ գիտեն, թէ Սէուտական Արաբիոյ հետ ստեղծուած հարցը աւելի մեծ է եւ լուրջ, քան տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի յայտարարութիւնը:

Պայրամ ընդգծեց, որ կառավարութեան հրաժարականի մթնոլորտ չկայ:

Անդրադառնալով լիբանանցի աշխատաւորներուն պարզած ներկայ իրավիճակին` Պայրամ յայտնեց, որ անոնց վիճակը ապառողջ է` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ ամսական նուազագոյն աշխատավարձը` 675 հազար լ. ոսկին բաւարար է միայն երկու թիթեղ պենզին գնելու, «ինչ որ խիստ մերժելի է», աւելցուց ան:

Նախարար Ֆայեատ. «Կարելի Է 11 Ժամ Ելեկտրականութիւն Տրամադրել, Իսկ Կառավարութեան Աշխատանքը Խոչընդոտող Արգելքները Պէտք Է Վերացնել»

Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ մաղթեց, որ կառավարութիւնը շարունակէ լաւ կերպով գործել, ինչպէս նաեւ կարելի ըլլայ կենցաղային հիմնական հարցերը քաղաքական տարակարծութիւններէն անջատել, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանցիներուն կարիքները գոհացնել:

Ֆայեատ մաղթեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտող արգելքները վերանան` աւելցնելով, որ բնական կազը Լիբանան փոխադրելու իմաստով լաւատեսութիւն կայ եւ մեծ յոյս:

Ան նշեց, որ Լիբանան փոխադրուող իրաքեան նաւթը ամսական 83 հազար թոնի կը հասնի, եւ ելեկտրականութեան հոսանքը կարելի կ՛ըլլայ 4 ժամուան համար ապահովել:

Ֆայեատ աւելցուց, որ երկրորդ փուլը եգիպտական կազի Լիբանան փոխադրութիւնն է, որ դարձեալ 4 ժամուան ելեկտրականութիւն պիտի կարենայ ապահովել, իսկ յորդանանեան ելեկտրականութիւնը կարելի պիտի ըլլայ 3 ժամուան համար տրամադրել: «Հետեւաբար երկրին կարելի պիտի ըլլայ 11 ժամ ելեկտրականութիւն տրամադրել», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Պայտըն Լիբանանեան Բանակին 47 Միլիոն Տոլարի Յատուկ Նուիրատուութիւն Պիտի Յատկացնէ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շարունակեց Իր Հաղորդակցութիւնները` Լուծելու Համար Ծոցի Երկիրներու Որոշումներուն Հետեւանքները

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?