Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաժարելով Տեղեկատուութեան Նախարարի Պաշտօնէն` Քըրտահի. «Հայրենիքս Գերիվեր Է, Քան Ընտանիքս Եւ Անձնական Կեանքս»

Դեկտեմբեր 4, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէս կը նախատեսուէր, տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի երէկ` ուրբաթ, 3 դեկտեմբերին մամլոյ ասուլիս մը տալով հրապարակաւ յայտարարեց իր հրաժարականը: Ան հիմնաւորեց իր այս կեցուածքը որոշ տուեալներու վրայ: Ան յայտնեց, թէ կը մերժէ, որ իր պատճառով առկախուի կառավարութեան գործունէութիւնը: «Հայրենիքիս շահերը աւելի կարեւոր են», ընդգծեց Քըրտահի` նշելով, որ իր հրաժարականը կու գայ ճիշդ ատենին, ճիշդ նպատակով: Քըրտահի յիշեցուց, թէ քանի մը օրեր առաջ խորհրդակցութիւն մը ունեցած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, որ «թելադրած է իրեն հրաժարիլ` ընդառաջելով Ֆրանսայի փափաքին»: Եմէնի հարցին գծով  ան կրկնեց, թէ այս պատերազմը ուշ կամ կանուխ վերջ պիտի գտնէ:

Քըրտահի ապա յաջորդաբար ուղղուեցաւ նախագահ Միշել Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտ` անոնց յանձնելով իր հրաժարականի գրաւոր պաշտօնական տարբերակը:

Այս առիթով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, թէ հրաժարականի էջը փակուած է, եւ կոչ ուղղեց նախարարներուն վերաշխուժացնելու կառավարութեան նիստերը:

Արձագանգներ

Նախարար Քըրտահիի հրաժարականը դուռ բացաւ թեր ու դէմ կեցուածքներու: Նախագահ Միշել Աուն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի «դրական նախաձեռնութիւն» նկատեցին Քըրտահիի այս քայլը, որ կրնայ վերաթարմացնել Լիբանանի յարաբերութիւնները Ծոցի երկիրներուն հետ: «Քըրտահիի այս քայլը կրնայ լուծման առաջնորդել Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ բացուած ճեղքին ժխտական հետեւանքները», յայտնեց նախագահ Աուն` շնորհակալութիւն յայտնելով Քըրտահիին իր այս քայլին համար եւ վերահաստատելով Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը եղբայրական յարաբերութիւններու մշակման` արաբական եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներուն հետ:

Վարչապետ Միքաթի եւս բարձր գնահատեց նախարար Քըրտահիի հրաժարականը` դիտել տալով, որ անիկա գրուած է 3 նոյեմբերին, եւ Քըրտահի ամիս մը առաջ արդէն իսկ որոշած էր հրաժարիլ: Վարչապետը այս առիթով վերահաստատեց Լիբանանի արաբական դիմագիծը եւ արաբ երկիրներուն հետ Լիբանանի եղբայրական յարաբերութիւնները:

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին նոյնպէս դրուատեց Քըրտահիի մօտեցումը` զայն նկատելով ազգային քայլ:

Միւս կողմէ, սակայն, ըստ լրատուական աղբիւրներու, Սէուտական Արաբիա «բոլորովին անկարեւոր հարց» նկատած է նախարար Քըրտահիի հրաժարականը:

Լրագրող-մեկնաբան Սալեմ Զահրանի կարծիքով` Քըրտահիի հրաժարականը կու գայ իբրեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ Ծոցի երկիրներու «սեղանին հրամցուող նախուտեստ»:

«Կը մաղթեմ, որ Ծոցի երկիրներ դրական ընկալեն նախարար Քըրտահիի այս քայլը», յայտնած է Թաուհիտ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ:

Հրաժարած երեսփոխան Միշել Մուաուատի կարծիքով` Քըրտահիի այս քայլը  իբրեւ խաղաքարտ օգտագործուեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի կողմէ` ընդդէմ Ծոցի երկիրներուն:

Նմանապէս դրսեւորուեցան այլ կարծիքներ, որոնց լոյսին տակ պիտի ճշդուի կառավարութեան գործունէութեան «ճակատագիրը» յառաջիկայ օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն: Փաստօրէն, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումով` «Քըրտահիի այս քայլը ոչ մէկ ձեւով պիտի փոխէ կառավարութեան այժմու տեղքայլը»:

Իր կարգին, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ վերահաստատեց, որ ինք Քըրտահին փոխարինող նոր թեկնածուի անուն պիտի չներկայացնէ:

Նոյն ծիրին մէջ, լիբանանեան թղթոսկիին սակագինը իր կարգին «դրական» ազդուեցաւ եւ հրաժարականի յայտարարութեան յաջորդող ժամերուն քանի մը հազարով արժեւորուեցաւ հասնելով մինչեւ 21 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը: Սակայն ժխտական արձագանգներուն զուգահեռ ամերիկեան տոլարին սակագինը վերստին սկսաւ «սաւառնիլ»` հասնելով 23 հազար լիբ. ոսկիի սահմանը:

Նախորդը

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Հանդիպում Սթոքհոլմի Մէջ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?