«Ցարդ նախագահական թեկնածուի գծով անուն մը չունինք», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ, շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Հըզպալլայի յարաբերութեան մասին հարցումի մը անդրադառնալով շէյխ Քասեմ յայտնեց, թէ կնքուած համաձայնագիրը տակաւին ի զօրու է:
Երկրի ընդհանուր իրավիճակին առնչուող զրոյցին ընթացքին Հըզպալլայի պատասխանատուն դիտել տուաւ, թէ «քուլիսային սերտ ճիգեր կը տարուին իշխանութեան երեք պետերուն օժանդակութեամբ ու զօրակցութեամբ, եւ անմիջապէս որ հասարակաց համախոհութիւն գոյանայ, կառավարութիւնը վերստին կ՛աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը»: