Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Մեկնարկը Կատարեց Հատուցման Քարտ Ստանալու Ե-Հարթակին

December 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ պաշտօնապէս մեկնարկը կատարեց հատուցման քարտ ստանալու ե-հարթակին, որպէսզի այդ քարտին դիմումները կատարելու, այլ խօսքով` գրանցուելու կարելիութիւնը ստեղծուի քաղաքացիներուն համար:

Ան նկատել տուաւ, որ այս ե-հարթակին նպատակը պիտի ըլլայ նաեւ ընկերային ապահովութեան ցանց մը ստեղծելու շտապ ծրագիրին ֆինանսաւորում ապահովել:

Այս առիթով վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ ինք դարձեալ կը տատամսի կառավարութիւնը ժողովի հրաւիրելու` մաղթելով, որ բոլորը համոզուին, թէ նախարարաց խորհուրդը պէտք է հեռու պահել ամէն բանէ, որ իր գործերուն հետ չ՛առնչուիր, ինչպէս` դատական իշխանութիւնները, որոնք ըստ սահմանադրութեան անկախ կերպով կը գործեն:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք տակաւին կը փորձէ իմաստութեամբ լուծել այս հարցը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցի ամէն տեսակ քայլի, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ տեսակէտներու մերձեցում կատարել:

Միքաթի ընդգծեց, որ ելեւմտական, տնտեսական, ծառայութիւններու եւ ընկերային առումով, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու իմաստով, կառավարութիւնը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ ծաւալած է:

«Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարի Նախարարական
Յանձնախումբը Տուաւ Նոր Որոշումներ

Երեկոյեան վարչապետ Միքաթի նախագահեց ելեւմտական եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի յատուկ նախարարական յանձնախումբերու նիստերուն:

Առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ նիստէն ետք յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբը դպրոցներուն Նոր տարուան արձակուրդ ճշդած է 16 դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյէն մինչեւ 10 յունուար 2022-ի առաւօտ:

Ապիատ յայտնեց նաեւ, որ 17 դեկտեմբեր 2021-9 յունուար 2022` երեկոյեան ժամը 7:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 6:00 չպատուաստուած քաղաքացիներուն երթեւեկը պիտի արգիլուի:

Ան նշեց, որ այս որոշումէն զերծ կը կացուցուին բոլոր անոնք, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ նուազագոյնը առաջին պատուաստը ստացած են:

Ապիատ անհրաժեշտ նկատեց, որ 10 դեկտեմբեր 2021-էն սկսեալ զբօսաշրջական հաստատութիւնները, հիմնականին մէջ ճաշարաններն ու պանդոկները հիւրընկալեն պատուաստուած քաղաքացիները կամ պարտադրեն, որ այցելուները ունենան «Փի. Սի. Ար.» քննութեան ժխտական արդիւնք մը, որ 48 ժամ առաջ կատարուած է:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ պէտք է յարգել ընկերային հեռաւորութեան կանոնները` կարեւոր նկատելով նաեւ, որ քարոզչական նոր արշաւ մը սկսի «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարելու առումով:

Ապիատ հաստատեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պատուաստումի կեդրոններուն թիւը աւելցնելու, որպէսզի առիթ տայ աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներու պատուաստումին եւ այդպիսով բարձրացնէ հաւաքական դիմադրողականութեան համեմատութիւնը:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Նախագահեց Բանակին Տրամադրուած Օժանդակութիւններուն Յատկացուած Նիստի Մը

Յաջորդը

Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Ժողովի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.